2017-06-12 10:16:00

Միջին արեւելքի Սուրբ Գրոց ընկերութեան տարեկան հաւաքը


Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բազմազան առաքելութեան մաս կը կազմէ նաեւ սատարել Աստուածաշունչի հրատարակութեան եւ նոր թարգմանութիւն տրամադրել հաւատացեալ ժողովուրդին: Արդարեւ, Լիբանանի Աստուածաշունչի Ընկերութեան (Bible Society) կողմէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յատուկ հրաւէր ստացած էր ներկայ գտնուելու յիշեալ հաստատութեան տարեկան հաւաքին ու իր պատգամը փոխանցելու: Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան սոյն հաւաքին ներկայ գտնուեցաւ Դպրեվանքի Տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան։ Հաւաքի ընթացքին Հայր Սուրբը իր գնահատանքը յայտնեց Սուրբ Գրոց Ընկերութեան կատարած աշխատանքներուն ու ապա ներկայ գտնուեցաւ այս առիթով կազմակերպուած ճաշկերոյթին։








All the contents on this site are copyrighted ©.