2017-06-12 11:43:00

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հանդիպած է ուխտաւորներու հետ


Յունիս 11-ին, Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունած է ԱՄՆ Հայոց Արեւելեան եւ Արեւմտեան, Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտիայի հայոց թեմերուն ուխտաւորները: Այս մասին կը հաղորդեն Մայր Աթոռ Սուրբ էջմիածինի տեղեկատուական համակարգէն:

Նորին Սրբութիւնը իր օրհնութիւնը փոխանցած է ուխտաւոր հայորդիներուն եւ անոնց հոգեւոր հովիւներուն` ուրախութիւն յայտնելով, որ ուխտի եկած են համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոն, որ դարեր շարունակ հայը կապած է հայրենի հողին, իր խորհուրդով յոյս ու հաւատ ներշնչած, կերտած ու փրկած է անոր հոգին: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդգծած է, որ հովուապպետական ացելութիւններուն ժամանակ մշտապէս տեսած է ամերիկահայ եւ աւստրալահայ համայնքներու զօրաւոր հաւատքը եւ անվերապահ սէրն ու նուիրումը համայն հայութեան Սրբութիւն Սրբոցի եւ Հայոց Հայրապետի նկատմամբ:

Վեհափառ Հայրապետը համոզմունք յայտնած է ուխտաւորներուն, որ Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելութիւնը պիտի կերպարանափոխէ անոնց հոգին եւ նոր ներշնչանքի աղբիւր դառնայ` հայրենիքով առաւել զօրացած վերադառնալու իրենց երկիրները եւ շարունակելու իրենց ազգանուէր ու եկեղեցասէր ընթացքը:

Աւարտին, Նորին Սրբութիւնը իր աղօթքն ու մաղթանքները փոխանցած է ամերիկահայ եւ աւստրալահայ համայնքներուն` հայցելով, որ Աստուծոյ օրհնութեան ներքոյ ապրին խաղաղ եւ ապահով, պահպանեն հայրենի ժառանգութիւնը եւ աւելի շէնցնեն իրենց համայնքային կեանքը:

Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը պատասխանած է նաեւ ուխտաւորներու հարցերուն, որոնք վերաբերած են Մայր Աթոռի հոգեւոր- կրթական հաստատութիւններուն եւ Սփիւռքի առջեւ ծառացող զանազան մարտահրաւէրներու:

Հանդիպմանը ներկայ եղած է Մայր Աթոռի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժինի տնօրէն Գերաշնորհ Տ. Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.