(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի` 13 Յունիս 2017-ի առաւօտեան 11-ին, Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի Յովհաննէս Պօղոս Բ անուան դահլիճին մէջ, տեղի կ՛ունենայ մամլոյ ասուլիս, որուն ընթացքին կը ներկայացուի` ողորմութեան յոբելենական տարուան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կողմէն հռչակուած` ''Աղքատներու Համաշխարհային առաջին օրուան'' հայող պատգամը։ Օրը այս տարի կը նշուի լատինաց ծիսական օրացոյցի համաձայն` 19 նոյեմբեր 2017-ին։
Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ելոյթ կ՛ունենան Գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլա, նոր աւետարանութեան Քահանայապետական խորհուրդի նախագահը եւ Հայր Խոսէ Օքթավիօ Ռոյց Արենաս` վերոնշեալ խորհուրդի քարտուղարը։
All the contents on this site are copyrighted ©. |