2017-06-10 09:50:00

Նշուեցաւ Tele Lumiere» պատկերասփիւռի կայանի 27ամեակը


«Tele Lumiere» պատկերասփիւռի կայանի 27ամեակին առիթով, հաստատութեան հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Մարոնիթ պատրիարքարանին մէջ: Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Ս. եւ անմահ պատարագով, որուն ընթացքին Ռաաի պատրիարքը իր գնահատանքը յայտնեց «Tele Lumiere»ի հոգեւոր առաքելութեան, ո՛չ միայն Միջին Արեւելքի մէջ ներս, այլ նաեւ աշխարհի տարածքին: Յիշեալ հանդիսութեան ներկայ եղան Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան եւ դոկտ. Ժան Սալմանեան: Յանուն Արամ Ա. կաթողիկոսին՝ անոնք իրենց գնահատանքը յայտնեցին պատկերասփիւռի կայանին եւ Ռաաի պատրիարքին փոխանցեցին վեհափառին եղբայրական ողջոյնները:

Յայտնենք, որ սերտ գործակցութիւն գոյութիւն ունի Տեղեկատուական բաժանմունքին եւ «Tele Lumiere պատկերասփիւռի կայանին միջեւ:








All the contents on this site are copyrighted ©.