2017-06-10 07:45:00

Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան քաջ հովիւ եւ նահատակ։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 10 Յունիս 2017, հայ տօնացոյցին համաձայն Երանելի Իգնատիոս  Մալոյեանի տօնն է նահատակ 1915 ի հայոց եղեռնին։

Աւազանի անունով Շիւքրալլահ Մալոյեան, ծնած էր 19 Ապրիլ 1869-ին Մարտինի մէջ։ Բարեպաշտ ընտանիքի զաւակ,  փոքր տարիքէն կը յաճախէ  տեղւոյն թեմական դպրոցը։

1883-ին  օրուան վիճակաւորը Մելքոն արք. Նազարեան նկատելով  փոքրիկն Մալոյեանի մէջ բարեպաշտութեան ու քահանայական կոչումի ստոյգ նշաններ զինք Լիբանան կը ղրկէ, Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան նորընծայարանը ուր ան կը ստանայ բազմապիսի զարգացում եւ յատկապէս որդիական ջերմեռանդութիւն Ս. Կոյս Աստուածածնի հանդէպ։

1888-ին առողջական վիճակին պատճառով  կը հարկադրուի  վերադառնալ ծննդավայր եւ երեք տարի կազդուրուելէ ետք , կը վերադառնայ Զմմառ  ու այնտեղ յաջողութեամբ կ՝աւարտէ փիլիսոփայական եւ աստուածաբանական ուսումները։

6 Օգոստոս 1896-ին կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի դառնալով նաեւ անդամ , Զմմառու Պատրիարքական Ուխտին եւ կ՝առնէ Իգնատիոս անունը, ի սէր Անտիոքացի մեծ սուրբին, որ Քրիստոսը քարոզեց իր արեան գնով։ Ունենալով՝ ամուր դաստիարակութիւն եւ օրինակելի կեանք,  նշանակուեցաւ հոգեւոր հայր վանաբնակ քահանաներուն  եւ նորընծաներուն։

Պաշտօնավարեց Աղեքսանդրիոյ եւ Գահիրէի մէջ. Ապա Պոլիս կանչուեցաւ որպէս ընդհանուր քարտուղար՝ Պօղոս Պետրոս ԺԲ Սապպաղեան պատրիարքին, որ իրեն շնորհեց գերյարգելիութեան աստիճանը։ Ապա  դարձեալ Աղեքսանդրիա ղրկուեցաւ  ու այնտեղ պաշտօնավարեց մինչեւ 1910  երբ մեծաւորները զինք ղրկեցին Մարտին քաղաքը ( ուր տեղւոյն վիճակաւորը՝  Յուսիկ արք. Կիւլեան  հրաժարած էր պաշտօնէն  տարիքի բերումով) այնտեղ  գերյ. Մալոյեան  վարեց Թեմին ընդհ. Գործակալի պաշտօնը։

1911 ին Հռոմի մէջ կայացած՝ Հայ Կաթողիկէ Նուիրապետութեան Ազգային Սիւնոդոսին  ինք եւս կանչուած էր վարելու  Սիւնհոդոսի  քարտուղարի  եւ ատենապետի պաշտօնը եւ նիստերէն մէկուն ընթացքին ան ընտրուեցաւ  Մարտինի Թեմի արքեպիսկոպոս  22 հոկտ. 1911 ին եւ եպիսկոպոս օծուեցաւ  ձեռամբ Ամեն. Պօղոս Պետրոս ԺԳ Թերզեան Պատրիարքին։ Նշենք թէ՝  Հռոմէն Մարտին վերադարձի ճամբուն, ան  հանդիպեցաւ  Զմմառու վանքը,  ուր մեծ պատիւներով ընդունուեցաւ  իր միաբանակից եղբայրներուն կողմէ. Ու երբ իրմէ խնդրեցին որ Վանքին Ոսկեմատեանին մէջ  երկտող մը  յուշագրէ, ան՝  Մալոյեան Եպիսկոպոսը,  գրած էր. ''Դժբախտաբար յիշատակութեան արժանի ոչ մէկ գործ կատարած եմ ...'' յիշելով՝ իր կատարած ծառայութիւնները իր ժողովուրդին։

7 Հոկտեմբեր 2001-ին երջանկայիշատակ ՅՊԲ  քահանայապետը Ս. Պետրոս հրապարակը խմբուած հաւատացեալներուն ու եկեղեցական ու քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն ներկայութեամբ  կատարեց երանացման արարողութիւնը  Մարտինի նահատակ եպիսկոպոսին։

''Մէկ ու կէս միլիոն հայեր իրենց արիւնը թափեցին ի սէր Քրիստոսի։ Անոնք առանց վարանելու՝ ընտրեցին մահը քան ուրացումն ու կրօնափոխութիւնը, ընտրեցին մահը եւ չհրաժարեցան իրենց քրիստոնեայ հաւատքէն''։

Արեան ու նահատակութեան պսակը հանդիսացաւ 2001-ի 7 Հոկտեմբերին, Նահատակ Մալոյեան Գերապայծառին երանացումով. Եւ այդ՝ տեղի ունեցաւ ՜՜Հայ ժողովուրդի քրիստոնէացման 1700 ամեակին առիթով՝՝  անիկա ամենաթանկագին նուէրն էր քրիստոսի եկեղեցւոյ իր հաւատացեալներուն, երջ. ՅՊԲ քահանայապետին միջոցաւ։

Տպաւորիչ էր երանացման արարողութիւնը, այդ օրը անգամ մը եւս Ս. Պետրոսի անուան հրապարակը խմբուած հաւատացեալները ու նաեւ ամբողջ աշխարհը (հեռուստատեսիլի ու ձայնասփիւռի միջոցաւ)  լսեց անգամ մը եւս  ՅՊԲ Հռոմի Պապը որ կ՝օրհնէր հայ ազգը նշելով անոր ամուր հաւատքն ու սէրը հանդէպ քրիստոսի։

Արդարեւ ՅՊԲ Հռոմի Պապը բազմաթիւ անգամներ խօսած է հայերու  մասին, ինչպէս նաեւ՝  Մեծ Եղեռնի մասին ''Հայ ազգը – կ՝ըսէր ան- եղաւ առաջինը որ ընդունեց քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօնք, նամանաւանդ իր արեան գնով պահպանեց Քրիստոսի հաւատքը, թող անոնց մարտիրոսութիւնը  ըլլայ հաւատքի  օրինակ բոլոր քրիստոնեաներուն''։








All the contents on this site are copyrighted ©.