2017-06-09 12:55:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 9 յունիսի քարոզը. ՝՝Խաւար պահերուն Աստուծոյ դիմենք՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) ''Դժուար եւ տխուր պահերուն, նոյնիսկ նախատինքի դիմաց, ընտրենք աղօթքի ճանապարհը, համբերութեան եւ Աստուծոյ հանդէպ յոյսի ուղին,  առանց իյնալու սնապարծութեան խաբկանքի փորձութեան մէջ''։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին, 9 յունիս 2017-ին, Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի քարոզին յորդորը։

Մեկնաբանելով օրուան Սուրբ գրային ընթերցումը՝ քաղուած Տոբիթի գիրքէն , ուր կը խօսուի Տոբիթի եւ անոր Սարա կնոջ մասին, որոնք  իրենց կեանքին ընթացին ապրեցան դժուար եւ խաւար պահեր,  Ֆրանչիսկսո Պապ նշեց , թէ  բոլորս  մեր կեանքին մէջ անցած ենք տխուր եւ դժուար  պահերէն,  եւ քաջատեղեակ ենք թէ ինչ կարելի է զգալ այդ պահերուն ։

Ապա  օրինակ բերելով Սարան, որ իր կեանքի դաժան պահուն, կանգ առաւ եւ Տիրոջ աղօթեց,  Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշեց, թէ  այս է կեցուածքը,  մեզ կը փրկէ խաւար եւ դժուար պահերէն ու խրախուսեց  ''աղօթել, համբերութիւն եւ յոյս ունենալ  Աստուծոյ վրայ, որ  միշտ մեզի կ՝ունկնդրէ''։

Նորին Սրբութիւնը, ապա դիտել տուաւ, թէ ինչպէս ՝՝դժուար եւ փորձութեան պահերէն ետք, Տէրը մօտեցաւ Սարայի եւ Տոպիթին եւ փրկեց զանոնք՝՝, ապա հրաւիրեց հարց տալու մենք մեզի, եթէ կեանքին դիւրաբեկ պահերուն, կարողութիւն ունինք զատորոշելու մեր հոգիին մէջ պատահածը,  հասկնալով որ խաւար պահերը խաչեր են, որոնց համար անհրաժեշտ է աղօթել,  համբերութիւն ունենալ եւ քիչ մը յուսալ ու յորդորեց խուսափիլ սնապարծութեան փորձութենէն, որովհետեւ, ըսաւ Ան,  Տէրը միշտ մեզի նեցուկ կը կանգնի երբ Ւրեն կը դիմենք աղօթքով եւ շնորհկալութիւն կը յայտնենք Ւր  պարգեւած ուրախութեան համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզը  աւարտեց Տիրոջմէ հայցելով շնորհքը կեանքի դժուար պահերուն զատորոշելու՝ դժուար պահերը հասկնալու, թէ ինչպէս կարելի է յառաջ ընթանալ գեղեցիկ պահերու ընթացքին առանց իյնալու սնապարծութեան խաբկանքի փորձութեան մէջ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.