2017-06-09 12:43:00

Վանականութիւն (ԼԷ)


Վերջին անգամ մըն ալ յիշենք 13րդ դարու պատմիչ Ստեփանոս Օրբելեանի տուած տեղեկութիւնները Վայոց Ձորի վանքերու հիմնարկութեան մասին։

Ստեփանոս Օրբելեան իր գրքի 50րդ գլխուն մէջ կը պատմէ՝ «Այստեղ համառօտակի պիտի պատմեմ մեծ եւ բազմերանելի նահատակ սուրբ Մամասի մասին, որուն նշխարները շատ հին ժամանակներուն բերած էին այս աշխարհը եւ թաղած Վայոց Ձոր գաւառին մէջ, Սուլեմա անառիկ դղեակի սահմաններէն ներս։ Հայոց Արշակունեաց հարստութեան թագաւորութեան օրերուն, երբ շէն էր այս աշխարհը եւ խրոխտ ու ճոխ իշխանութեամբ, երբ խանդավառուած էին Աստուծոյ սիրով՝ նորահաւատ ըլլալու պատճառով, ջերմ բոցով վառուած էին բարեգործութիւններու համար, առաւել եւս Աստուծոյ նահատակներու սիրոյ հարցով, իւրաքանչիւր մարդ խիստ չարչարանքով եւ անսահման ծախսերով որոնումներ կը կատարէր, յոյսով որ կարողանար գտնել սուրբ նահատակներու նշխարներէն եւ բերել իր գաւառն ու իշխանութիւնը՝ այսպիսով ամրանալու, թշնամիներու աւազակային յարձակումներէն եւ չարութիւններու հանդիպելէն ապահով ըլլալու, ինչպէս նաեւ Քրիստոսի մօտ նշտնջենական բարեխօս ունենալու համար։ Եւ այսպէս Սիւնեաց իշխանները, որ ժամանակին սուրբ Գրիգորի եւ սուրբ Ներսէսի հետ գացած էին Կեսարիա քաղաքը, նաեւ ուրիշ ժամանակներու մէջ մեծամեծ գանձերու ծախսումով, անհուն չարչարանքներով, երկարատեւ եւ տքնաջան աղօթքներով ու խիստ պահեցողութեամբ որոնեցին աստուածակիր նշխարները երանելի ու մեծ ճգնաւոր Մամասի, որ բնակած էր Կեսարիայի մօտ գտնուող լեռան վրայ, եւ որուն ճգնութիւններու եւ նահատակութեան մարտի մասին մեզի կը հաղորդէ Վկայաբանութեան գրքին մէջ գրուած ճառը, եւ լայն հրապարակումով գովքը կը հիւսէ Գրիգոր Աստուածաբանը՝ Նոր Կիւրակէին ներբողին մէջ։ Իշխանները իրենց մեծահաւատ յոյսով արժանացան աստուածային պարգեւներու եւ վերին տնօրինութեամբ ստացան անկշռելի գանձը՝ սուրբ Մամասի նշխարներու կէսը, մէջքէն վեր՝ գլխով ու բազուկներով հանդերձ, միւսը ձգեցին իր սուրբ եկեղեցւոյ նոյն տապանին մէջ։ Եւ սպիտակ ջորիներու կառք պատրաստեցին, արծաթի արկղիկներ շինեցին, այնտեղ դրին սուրբի նշխարները, տարին սաղմոսներով, օրհնութեամբ, արագավազ նժոյգներով, սրարշաւ երիվարներով, կարծես օդի մէջ թեւատարած շարժելով, թռան-անցան երկար ճանապարհի մեծ տարածութիւնը, հասան իրենց տէրութեան բուն սահմանները՝ Մազազ գաւառը։ Եւ Գեղամայ լեռները անցնելով՝ մտան Վայոց ձորը, քանի որ նպատակադրած էին հասցնել Սիւնիքի իշխանական աթոռը։

Բայց վերին կամքը անոնց հայեցողութեան չթողեց, այլ Հոգիի ակնարկումով, ուր ի´նք կամեցաւ, կապեց ջորիներու ոտքերը, եւ կառքը կանգ առաւ Սուլեմայ ձորի մէջ, հարթ տեղ մը, որ Դեզապանարտ կը կոչուի։ Իսկ անոնք տրտմութեամբ լեցուելով՝ հաւաքեցին գաւառի բնակիչները եւ, մեծաջան աղօթքներով, պաշտամունքային արարողութիւններ կատարելով, խնդրեցին հեռանալ այդ տեղէն։ Հազիւ կառք բարձրանալով՝ քշեցին մօտաւորապէս երկու ձայնընկէց տարածութիւն, նորէն ջորիները կանգ առին յարմար տեղ մը, Խարաշկօնք կոչուած գիւղի սահմաններուն մէջ ու այնտեղէն այլեւս չյառաջացան։ Ապա հրաւիրելով Սիւնեաց եպիսկոպոսը եւ հաւաքելով վանական հայրերու բազմութիւնը՝ նշխարները թաղեցին քարէ տապանի մէջ։ Ասոր մօտ կրաշաղախ քարերով վկայարան կառուցին։ Եւ շրջակայ վայրերը յատկացուցին անոր որպէս վանքապատկան դաշտ։ Անոր մէջ տեղաւորեցին կրօնաւոր մարդիկ՝ սուրբին ծառայելու համար։ Իսկ յետագայ ժամանակներուն մէջ, մեր աշխարհի անիշխանութեան օրերուն, աթբեկ Իւանէի տիրապետութեան շրջանին երկու ճգնաւոր, խիստ կրօնապաշտ կրօնեղբայրներ վանքի առաջնորդները՝ Սէթ եւ Պօղոս անուններով, բազում աղօթքներով ու խնդրանքներով կը հանեն սուրբի տապանը, կը կառուցեն փոքր խորան մը, այնտեղ կը փոխադրեն նշխարները՝ նայողներուն բացէ ի բաց տեսանելի դարձնելով կափարիչը։ Տեղափոխելու ժամանակ կը բանան տապանը եւ նշխարներէն կʼառնեն աջը եւ այն օրը շատ բժշկութիւններ կը կատարուին։ Վանականներէն մէկն ալ գաղտնօրէն կʼառնէ ակռայ մը եւ իսկոյն կը դիւահարի եւ կը փրփրի եւ կʼաղաղակէ՝ ծածուկ կերպով կատարած գողութեան մասին, եւ հազիւ հազ կը բուժուի։ Ապա աջը յանձնեցին Այրիվանքի սուրբ միաբանութեան։ Բայց չիմացանք առաջին բերողներու անունները եւ թուականը։ Այժմ ալ գոյութիւն ունի՝ որպէս պարծանք ու բարեխօսութիւն այս աշխարհի համար՝ օրըստօրէ մեծամեծ հրաշքներ գործելով բոլոր նեղեալներուն, հիւանդներուն եւ դիւահարներուն համար։ Անոր բարեխօսութեամբ Քրիստոս Աստուած թող խնայէ այս աշխարհի, եկեղեցիներուն եւ ինծի՝ բազմամեղ պարտաւորեալիս։ Փառք Քրիստոսի՝ յաւիտեանս։ Ամէն։»

 








All the contents on this site are copyrighted ©.