2017-06-09 08:07:00

''Իրաքեան ձեռագիրերու մեծ ժամկէտը'' խորագիրով ցուցահանդէս։


(Ռատիօ Վատիկան) 10 -17 Յունիս 2017-ին Հռոմի Տոմինիքեան միաբանութեան ''Սանթա Մարիա Սոփրա Միներվա'' վանքին մէջ, տեղի կ՛ունենայ ''Իրաքեան ձեռագիրերու մեծ ժամկէտը'' խորագիրով ցուցահանդէս­, որուն բացումը կը կատարեն` 9 Յունիսին, Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը` Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի, վերոնշեալ վանքի մեծաւորը` Հայր Ռիքքարտօ Լուֆրանի, եւ Սուրբ Աթոռի գլխաւոր արխիւի և գրադարանի տնօրէնը` գերապայծառ Ժան Լու Պրիւկէսը որ վերջերս այցելած էր նաեւ Հայաստանը ինչպէս նաեւ Սուրբ Աթոռի մօտ Ֆրանսայի հանրապետութեան դեսպանը` Տիար Ֆիլիփ Զելլեր։

Ցուցահանդէսի ընթացքին պիտի ցուցադրուին ԺԳ եւ ԺԴ դարերու Իրագեան հին ձեռագիրեր որոնք պահպանուած էին Մոսուլի Վանքին մէջ եւ որոնք շնորհիւ Տոմինքեան Միաբան` Հայր Նաժիպ Միքայելին փրկուեցան ՏԱՀԵՇ-ի Նինվէ ներխուժումի վայրագութիւններէն։

12 Յունիսին Հայր Միքայէլ` Հռոմի Ֆրանսական հաստատութեան կեդրոնին մէջ, պիտի ներկայացնէ ''Իրաքի Քրիստոնեաները, փրկուած ժառանգութիւն ու ցիր ու ցան եղած ազգ'' վերտառութեամբ բանախօսութիւն մը, որուն ընթացին պիտի պատմէ թէ ինչպէս կարողացաւ արկածախնդրութեամբ ու իր կեանքը վտանգի մատնելով փրկել վերոնշեալ ձեռագիրները։








All the contents on this site are copyrighted ©.