2017-06-09 12:25:00

Ֆրնաչիսկոս Պապ` ''Եղբայրութեան դաստիարակութեան ծիրէն ներս կնոջ դերը անհրաժեշտ է''։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 9 Յունիս 2017-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի ''Քոնչիսթորօ'' դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց  Միջկրօնային երկխօսութեան Քահանայապետական խորհուրդի լիագումար նիստի ժողովականներուն ու այս առթիւ անոնց արտասանած ճառին մէջ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց խորհուրդի նախագահ` Կարդինալ Ժան Լուի Թոռանին,  ապա մատնանշեց լիանիստ հաւաքի նիւթին որ է ''Կնոջ դերը տիեզերական եղբայրութեան դաստիարակչութեան ծիրէն ներս'', դիտել տալով թէ այդ նիւթը առաջնակարգ կարեւորութիւն ունի` մարդկութեան դէպի եղբայրութիւն ու խաղաղութիւն ուղեւորութեան մէջ։ Ուղեւորութիւն մը որ յատկանշուած է սակայն դժուարութիւններով եւ խոչընդոտներով, ըսաւ նորին Սրբութիւնը, նշելով թէ ինչպէս այսօր` կնոջ այդ դերը մթագնած է ու յաճախ ժխտուած է­, ի տես աշխարհը յուզող ժխտական երեւոյթներուն ու յատկապէս մարդավաճառութեան երեւոյթին որուն զոհ են կիները ու նոյնիսկ մանուկները։

Այնտեղ ուր ատելութիւնն ու բռնութիւնը կը գերիշխեն, այնտեղ ընտանիքներն ու ընկերութիւնը կը փլուզուի ու արգելք կը հանդիսանայ կնոջ իր դաստիարակի առաքելութիւնը կատարելու համերաշխութեամբ ու արդիւնաւէտ կերպով ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու շեշտը դրաւ երեք կարեւոր կէտերու վրայ. Արժեւորել կնոջ դերը. Եղբայրութիւն դաստիարակել` ապա երկխօսել։

Առաջին կէտին անդրադառնալով Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց թէ այսօրուայ բարդ ընկերութեան մէջ, որ յատկանշուած է բազմազանութեամբ եւ համաշխարհայնացումով, կարիքը կայ աւելիով ճանչնալու կնոջ` եղբայրութեան դաստիարակի կարողութիւնը եւ այս առնչութեամբ առաջարկեց կիներու աւելի աշխուժ ներկայութիւնը ընկերային, տնտեսական ու քաղաքական կեանքէն ներս, ըլլայ ազգային, ըլլայ միջազգային գետնի վրայ, ինչպէս նաեւ եկեղեցական ասպարէզէն ներս։

''Բազմաթիւ կիներ արդարեւ իրենց առօրեայ պարտականութիւնները կատարելու մէջ իրենց հանճարը կ՛օգտագործեն. միացած անոնց իսկական փորձարարութեան` ըլլալու մայրեր ու կազմաւորողներ'', ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու ակնարկեց երկրորդ կէտին որ է ''Դաստիարակել եղբայրութիւնը'', ընդգծելով թէ կիները ունին յատուկ կոչում մը` զարգացնելու եւ ստեղծելու հիւրընկալութեան ու փոխադարձ յարգանքի նոր ձեւեր։

''Իգական պատկերը եղած է միշտ ընտանիքի դաստիարակչական ասպարէզի կեդրոնը ու կնոջ նպաստը դաստիարակութեան մարզէն ներս անգնահատելի է'' ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տալով թէ ''Կիները իրենց կեանքի խորհուրդի մտերիմ կապին ընդմէջէն­, կարող են աւելիով զարգացնել եղբայրութեան հոգին, կեանքը պահպանելու իրենց խնամքով ու իրենց այն համոզումներով որ սէրը` միակ ուժն է որ կարող է աշխարհը դարձնել բնակելի բոլորին համար''։

Կիները ընդհանրապէս միակներն են որ ուրիշներուն կ՛ընկերանան, յատկապէս ընտանիքի ու ընկերութեան մէջ տկարներուն կամ հակամարտութիւններու զոհերուն, ու բոլոր անոնց որոնք առօրեայի մարտահրաւէրները պիտի դիմագրաւեն - յարեց հուսկ Սրբազան Քահանայապետը ընդգծելով թէ ''Կիներու ներդրումին շնորհիւ, եղբայրութեան դաստիարակութիւնը - որ իր բնութեամբ ներառող է ու կապեր ստեղծող – կարող է յաղթահարել մնացորդացի մշակոյթը''։ 

Երրորդ կէտին` երկխօսութեան ու մասնաւորապէս կրօնական երկխօսութեան անդրադառնալով Սրբազան Քահանայապետը  նշեց թէ կիները այր մարդոցմէ աւելի յանձնառու են միջ կրօնական գետնի վրայ ''կեանքի երկխօսութեան'' մէջ ու իրենց սատարը կը բերեն այդ ուղղութեամբ։ Ասոր համար կիներուն դերը պէտք չէ սահմանափակել  լոկ''իգական'' հարցերու շուրջ եւ կամ կիներու միջեւ հանդիպումներու։ Երկխօսութիւնը ըլլալու է ուղեւորութիւն, որ այր մարդն ու կինը պէտք են միասին իրականացնել, եւ այսօր աւելի քան երբեք` կնոջ ներկայութիւնը անհրաժեշտ կը դառնայ, որովհետեւ ան ունենալով յատուկ յատկանիշներ, կարող է կարեւոր կերպով նպաստել երկխօսութեան, իր ունկնդրութեան ընկալումի եւ ուրիշներու բացուելու կարողութիւններով'', դիտել տուաւ Սրբազան Քահանայապետ ու ճառը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր ներկաներուն, մաղթելով որ անոնք շարունակեն հիւսել երկխօսութեան կերպասը  բոլոր անոնց հետ` որոնք զԱստուած կը փնտռեն ու բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց հետ­, ապա բոլորին շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.