2017-06-09 08:46:00

Բրիտանիոյ մէջ արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախնական արդիւնքները:


Հակառակ օրեր առաջ մայրաքաղաք Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումին, հինգշաբթի 8 յունիս 2017-ին, Բրիտանիոյ մէջ, ինչպէս նախատեսուած էր, տեղի ունեցան արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններ: Քուէարկութեան համար ամբողջ երկրին մէջ ստեղծուած աւելի քան 40 հազար քուէարկութեան կեդրոնները բացուեցան տեղական ժամանակացոյցով ժամը 7:00-ին:

Խորհրդարանական ընտրութիւններուն պիտի ընտրուին 650 երեսփոխաններ: Քուէարկութեան մասնակցելու իրաւունք ունէին շուրջ 46,9 միլիոն քաղաքացիներ: Կը նախատեսուի, որ ընտրութեանց վերջնական արդիւնքը յայտարարուի այսօր կէսօրէ ետք: Խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն կազմելու համար կուսակցութիւն մը պէտք է ապահովէ 326 աթոռ:

Բրիտանիոյ մէջ արտակարգ ընտրութիւններ նշանակած էր վարչապետ Թերեզա Մէյ: Ըստ անոր, Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու հարցով հանրաքուէէն ետք երկրին մէջ կը պահանջուի յստակութիւն, կայունութիւն եւ ուժեղ կառավարութիւն:

Ըստ նախնական տուեալներուն Թերեզա Մէյի գլխաւորած կուսակցութիւնը ստացաւ 318 աթոռ մինչ ''Լապուրիստ'' կուսակցութեան վերապահուած է 262 աթոռ։








All the contents on this site are copyrighted ©.