2017-06-09 10:58:00

20 Յունիսին կը նշուի Գաղթականներու միջազգային օրը՝ հռչակուած ՄԱԿ-ի կողմէ


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 20 յունիս 2017-ին, կը նշուի գաղթականներու համաշխարհային օրը՝ հռչակուած ՄԱԿ-ի կողմէ, որուն նպատակն է,  հանրային կարծիքի ուշադրութեան յանձնել  միլիոնաւոր գաղթականներուն իրավիճակը,  ինչպէս նաեւ քաղաքական ապաստան խնդրող մարդոց կենաքի պայմանները։

Գաղթականներուն միջազգային օրը, հրաւէր մըն է նաեւ  բոլորին, երբեք չմոռնալու թէ իւրաքանչիւր անհատի ետին կայ պատմութիւն մը,  զոր կ՝արժէ ունկդնդրել ինչպէս նաեւ ունկնդրել տառապանքի, նուաստացումի պատմութիւններ ունեցող այն գաղթականներուն պատմութիւնները, որոնք կրցան  իրենց ապագան կերտել ու  նպաստել զիրենք հիւընկալող երկիներու բարօրութեան։

Հետապնդելու համար վերոյիշեալ նպատակները, ՄԱԿ-ի  գաղթականներուն գրասենեակը կը շարունակէ   ''With Refugees'' քայլարշաւը, որուն միջոցաւ կ՝ուզէ իր զօրակցութիւնը ցուցաբերել գաղթականներուն եւ զարգացնել  տեղական հասարակութիւններու  գաղթականներուն հետ հանդիպումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.