2017-06-08 09:07:00

Իտալիոյ եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի ընդհանուր քարտուղարը այցելեց Զմմառու Վանքը։


Երկուշաբթի 5 Յունիս 2017-ին, առաւօտուն, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ գլխաւորութեամբ՝ Զմմառու վանք այցելեցին Լիբանանի մօտ Պապական Նուիրակ՝ Կապրիէլէ Քաչիա, Իտալական Եպիսկոպոսաց Ժողովի (CEI) Ընդհանուր Քարտուղար՝ Արհիապատիւ Հ. Նունցիօ Եպս. Կալանդինօ և Հ. Անթոնիօ Մասդանդուօնօ, ինչպէս նաեւ այլ հոգեւորականներ, ընկերակցութեամբ Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Թեմի Օգնական Եպիսկոպոս՝ Հ. Գէորգ Ասատուրեանի: 

Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Փոխանորդ և վանքի Մեծաւոր՝ Հ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վրդ. Մուրատեան և վարչական ու վանաբնակ հայրերը ընդունեցին յարգոյ հիւրերը վանքի դահլիճին մէջ: Այնուհետեւ անոնք յաջորդաբար այցելեցին վանքիս զանազան բաժինները՝ Մայր Տաճարը, Ցաւագին Տիրամօր մատուռ, մատենադարանը, թանգարանը և գինեմառանը: Այցելութեան աւարտին՝ յարգարժան հիւրերը միաբանական ագապին իրենց մասնակցութիւնը բերին, որմէ ետք խորապէս տպաւորուած իրենց վերապահուած ջերմ ու սիրալիր ընդունելութենէն Զմմառու դարաւոր վանքէն բաժնուեցան, իրենց հետ տանելով անթառամ յիշատակներ:

Դիւան Զմմառու Մայրավանքի








All the contents on this site are copyrighted ©.