2017-06-07 08:21:00

Փարիզի մէջ ոստիկան մը կրակ բացաւ մուրճով յարձակում գործողի մը վրայ։


Փարիզի Նոթրը Տամ տաճարին առջեւ ոստիկանութիւնը կրակ բանալով վիրաւորեց անձ մը, որ մուրճով յարձակում գործեց ոստիկանի մը վրայ: Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ յանցագործը յարձակումի ընթացքին բացագանչած է` «ասիկա Սուրիոյ համար է»: Դատախազներ հետաքննութեան ձեռնարկեցին:

Յարձակումի ենթարկուած ոստիկանը թեթեւօրէն վիրաւորուեցաւ, իսկ յարձակումին հեղինակը կուրծքէն վիրաւորուեցաւ, երբ այլ ոստիկան մը անոր վրայ կրակ բացաւ:

Յարձակումի պահուն հարիւրաւոր անձեր կը գտնուէին տաճարին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.