2017-06-07 12:00:00

Մարդկային համապարփակ զարգացման ժողովը կը մասնակցի ''ԷՔՍՓՕ 2017'' միջազգային ցուցահանդէսին։


(Ռատիօ Վատիկան)  8-էն – 11 Յունիս 2017-ին, Սուրբ Աթոռի մարդկային համապարփակ զարգացման ժողովին կառավարիչ ՝ Կարդինալ Փիթեր Թուրքսոն կը մեկնի Ղազախստանի Ասթանա մայրաքաղաք, մասնակցելու համար ''Ապագայ ուժանիւթ''  EXPO 2017 միջազգային ցուցահանդէսին  բացման արարողութեան։

Սուրբ Աթոռը,  որ 1851 թուականէն ի վեր կը մասնակցի միջազգային ցուցահանդէսներուն, այս տարի եւս իր մասնակցութիւնը կը  բերէ Ասթանա մայրաքաղաքին մէջ կազմակերպուած ցուցահանդէսին` ''ուժանիւթը հասարակաց բարիքի համար, խնամք տանիլ մեր հասարակած տան՝՝ վերտառութեամբ իր  տաղաւարով,  որուն իրականացման համար իր նպաստը բերած է   նաեւ տեղական եկեղեցին։ Տաղաւարի  նպատակն է խորացնել ''ապագայի ուժանիւթի'' նիւթը, հասկցուած որպէս հնարաւորութիւն՝ մարդու զարգացման եւ հասարակաց տան բարելաւումին համար, հիմնուած՝ բնական աղբիւրներու հաւասար եւ զօրակից օգտագործութեամբ։   

Սուրբ Աթոռի տաղաւարին այցելուները պիտի առաջնորդուին թուայնացուած լուսանկարներով՝ հայող արուեստական, մշակութային եւ հոգեւոր աշխարհին որոնք կը ներկայացնեն 4 ոլորտներ. Աստուծոյ Սէրը որպէս  մարդու եւ աշխարհի ստեղծագործութեան սկիզբ . Ուժանիւթը մարդու ձեռքերուն մէջ գործիք, որ շատ անգամ պատշաճ ձեւով չի օգտագործած զայն, ուժանիւթը անհատի համապարփակ զարգացման եւ հասարակաց տան խնամքի ի սպաս, հոգեւորականութեան ուժականութիւնը, յատուկէն անդրադառնալով աղօթքի եւ միջ-կրօնային երկխօսութեան մասին։

Նշենք թէ 2017 միջազգային ցուցահանդէսի բացումը կը կատարուի 9 յունիսին, մինչ Սուրբ Աթոռի տաղաւարի  բացումը կը կատարուի յաջորդ օրը ՝10 յունիսին, ներկայութեամբ Կարդինալ Փիթեր Թուրքսոնին,  որուն կ՛ընկերանայ Ղազախստանի եւ Տաճիկստանի եւ Ղիրխիզտանի Պապական նուիրակը` Գերապայծառ Ֆրանսիս Ասիզի Չուլլիքաթի։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.