2017-06-07 09:56:00

''Աստուծոյ Հայրութիւնը` աղբիւր մեր յոյսին'' Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 7 Յունիս 2017-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ, գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ աւանդական հրապարակային ունկնդրութիւնը եւ այս առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութեան ընթացքին, շարունակելով խօսիլ Քրիստոնէական յոյսի մասին, մատնանշեց Յիսուսին իր աշակերտներուն սորվեցուցած ''Հայր մեր'' աղօթքին։ 

Այն օրերուն իր աշակերտներէն մէկը ըսաւ Յիսուսին. «Տէ՛ր, աղօթե՛լ սորվեցուր մեզի, ինչպէս Յովհաննէս սորվեցուց իր աշակերտներուն»: Եւ Յիսուս  ըսաւ անոնց. «Երբ կ՚աղօթէք՝ ըսէ՛ք. “Հա՛յր մեր՝ որ երկինքն ես՝՝, քու անունդ սուրբ ըլլայ. քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ, ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ՝՝: Մեր ամէնօրեայ հացը՝ տո՛ւր մեզի օրէ օր. ներէ՛ մեզի մեր մեղքերը, քանի որ մենք ալ կը ներենք բոլոր անոնց՝ որ պարտապան են մեզի. ու մի՛ տանիր մեզ փորձութեան, հապա ազատէ՛ մեզ Չարէն”»: (Ղուկաս 11, 1-4)

''Համայն քրիստոնէական աղօթքին խորհուրդը անփոփուած է այդ բառին մէջ. Քաջութիւնը ունենալ զԱստուած ''Հայր'' կոչելու'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը­, դիտել տալով թէ` ''Աստուած Հայր կոչելը` կանխորոշուած իրողութիւն մը չէ'' ու թէ ''Զայն Հայր կոչելը մեզ կը դնէ Անոր հետ մտերմիկ կապի մէջ, այնպէս ինչպէս մանուկ մը իր հօր հետ կը զրուցէ, քաջատեղեակ ըլլալով թէ սիրուած ու խնամուած է անկէ''։

Ահա այս է ամենամեծ յեղափոխութիւնը որ քրիստոնէութիւնը կը դրոշմէ մարդու հոգեւոր հոգեբանութեան մէջ - յարեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապ - ընդգծելով թէ այդ յեղափոխութիւնը` ''Աստուծոյ խորհուրդն է'', որ դժուար կ՛ըմբռնուի մարդկային գետնի վրայ, թէեւ Յիսուս մեզի ցոյց տուաւ ու բացայայտեց թէ Աստուած բարի Հայր մըն է ու մեզի կ՛ըսէ ''մի վախնաք''։

Նորին Սրբութիւնը ապա հրաւիրեց մտաբերել ողորմած հօր առակը­, ուր Յիսուս կը պատմէ հօր մը մասին` որ կարող է միայն սէր ըլլալ իր զաւակներուն համար։ Հայր մը որ չի պատժեր զաւակը անոր ամբարտաւանութեան համար, այլ անոր կը յանձնէ նաեւ ժառանգութեան մասը ու թոյլ կու տայ որ հեռանայ տունէն։

Աստուած Հայր է, կ՛ըսէ Յիսուս, սակայն ոչ թէ մարդկային ըմբռնումով, որովհետեւ այս աշխարհի վրայ չկայ հայր մը որ կարող է առակին դերակատարին նման ըլլալ։

Աստուած Հայր է իր ձեւով, բարի, անպաշտպան մարդու ազատ կամքին դիմաց, ու կարող է միայն սիրել բայը հոլովել։ Երբ զաւակը կ՛ըմբոստանայ ու բոլոր հարստութիւնները կը վատնէ ու վերջապէս տուն կը վերադառնայ, այդ հայրը անոր հետ չի վարուիր մարդկային արադարութեան չափանիշով, այլ ամենէն առաջ կարիքը կը զգայ ներելու զայն ու իր ողջագուրումով այդ զաւկին հասկցնել կու տայ թէ այդ երկար ժամանակամիջոցին ինք միշտ մտածած էր իրեն։

''Որքան մեծ խորհուրդ մըն է Աստուած մը որ այս տեսակ սէր ունի իր զաւակներուն հանդէպ'' հարց տուաւ  Սրբազան Քահանայապետը ու խորհրդածութեան աւարտին հաստատեց. ''Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր մենք երբեք միայնակ չենք։ Կարող ենք հեռանալ, հակառակիլ ու մի գուցէ մենք մեզ դաւանիլ առանց Աստուծոյ։ Սակայն Յիսուս Քրիստոսի աւետարանը մեզի կը յայտնէ թէ Աստուած կարող չէ մնալ առանց մեզի։ Ան երբեք առանց մարդու Աստուած մը պիտի չըլլայ։ Եւ այս վստահութիւնը մեր յոյսին ակնաղբիւրն է։ Երբ մենք կարիքը ունինք օգնութեան` Յիսուս մեզի կը յանձնարարէ չի յուսալքուիլ ու մենք մեր մէջ փակուիլ, այլ դիմել մեր Հօր` ու Անոր օգնութիւնը հայցել։ Մենք ունինք Հայր մը որ մշտապէս մեզի կը նայի սիրով եւ որ վստահաբար մեզ երբեք պիտի չի լքէ''։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հուսկ զանազան լեզուներով ողջունելէ ետք հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները, ատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակներուն­, յիշեցնելով թէ Յունիս ամիսը` Յիսուսի Սուրբ Սրտի ջերմեռանդութեան նուիրուած ամիս է։

''Սիրելի երիտասարդներ, աստուածային սրտի դպրոցին մէջ աճեցէք, մերձաւորին նուիրուելով, սիրելի հիւանդներ, տառապանքի մէջ ձեր սրտին ցաւը միացուցէք Աստուծոյ Որդոյն ցաւին եւ դուք` սիրելի նորապսակներ, Յիսուս Սուրբ սրտին նայեցէք Անորմէ սորվելով անվերապահ սէրը։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.