2017-06-07 10:40:00

Մաչերաթա – Լորեթօ հետիոտն ուխտագնացութեան ''խաղաղութեան ճրագի'' օրհնութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 10 յունիս 2016-ի երեկոյեան 8.30-ին, սկիզբ կ՛առնէ Մաչերաթա – Լորեթօ 39-րդ հետիոտն ուխտագնացութիւնը` Մաչերաթայի մարզադաշտին մէջ մատուցուելիք սուրբ պատարագով զոր կը գլխաւորէ Աշխարհականներու, ընտանիքի եւ կեանքի ժողովի կառավարիչը` Կարդինալ Քեվին Ֆարրել։

Մաչերաթա – Լորեթօ հետիոտն ուխտագնացութեան 39-րդ փուլին նշանաբանն է ''Կը սիրե՞ս զիս'', քաղուած Յովհաննէսի աւետարանէն։ Նշանաբանը հրաւէր մըն է անձնական գիտակցութեան ըմբռնելու համար թէ մարդ-Խորհուրդ յարաբերութիւնը կ՛անցնի ''այո''յի մը ընդմէջէն։

Մաչերաթա – Լորեթօ 39-րդ հետիոտն ուխտագնացութեան առթիւ, չորեքշաբթի 7 յունիսի հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կ՛օրհնէ ուխտագնացութեան ''խաղաղութեան Ճրագը'' որ ապա պիտի տեղափոխուի անցեալ ամիսներուն կեդրոնական իտալիան հարուածող երկրաշարժի թիրախ վայրերը, սկսեալ Ամաթրիչէէն, անցնելով Նորչա, Փրէչի եւ Քամերինօ քաղաքներէն որպէսզի ապա ընկերանայ Մաչերաթայէն դէպի  Լորեթոյի մարեմեան սրբավայր ընթացող ուխտաւորներուն։ 

Յայտնենք թէ 2017 տարուայ ուխտագնացութիւնը նուիրուած է յատկապէս  երկրաշարժի թիրախ բնակչութեան, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց որոնք պատերազմի պատճառաւ կ՛ապրին սարսափելի օրեր, գաղթականներուն, հալածուած քրիստոնեաներուն եւ երիտասարդներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.