2017-06-07 08:24:00

Լաւրով. «Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը միայն բանակցութիւններու միջոցով կը լուծուի


ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, Կանտի անուան համալսարանի ուսանողներու առջեւ ելոյթ ունենալու ընթացքին, խօսած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման մասին` ըսելով, որ տագնապը կրնայ լուծուիլ միայն բանակցութիւններու միջոցով:

Ըստ Լաւրովի, թէեւ բանակցութիւններու բերումով մշակուած են շարք մը սկզբունքներ, այսուամենայնիւ պէտք է յաղթահարել շարք մը շատ դժուար հարցեր, որոնք նուրբ են:

«Միայն բանակցութիւններ, ուրիշ ճամբայ չկայ», ըսած է ան` աւելցնելով. «Բանակցային երկար փուլի ընթացքին, որ տարբեր ժամանակներու ընթացքին տարբեր ձեւեր ստացած է, կողմերու  պայմանաւորուածութիւնները քանի մը անգամ մօտ եղած են` ձեռքի հեռաւորութեան չափ մօտ, սակայն յետոյ կողմերուն մօտ կը յառաջանային անվստահութեան բնազդներ: Ամէն պարագայի, աշխատանքը պէտք է շարունակել»:

Լաւրով նշած է, որ Ռուսիան ջանք պիտի չխնայէ տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ, եւ Ռուսիան, Ֆրանսան  եւ Միացեալ Նահանգները, Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներ ըլլալով, պարբերաբար կը հանդիպին կողմերուն հետ եւ այդ ձեւաչափի շրջագիծին մէջ պիտի շարունակեն մտածել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է յաղթահարել փոքր, բայց լուրջ հարցեր, որոնք մինչեւ այժմ համաձայնեցուած չեն:








All the contents on this site are copyrighted ©.