2017-06-06 12:47:00

Ֆրանչիկսոս Պապին 6 յունիսի քարոզը.''Կեղծաւորութիւնը հասարակութիւններ կը սպանէ''։


(Ռատիօ Վատիկան) ՝՝Կեղծաւորութիւնը Յիսուսի լեզուն չէ եւ ոչ իսկ  պէտք է քրիստոնեաներուն լեզուն ըլլայ. կեղծաւորը կարող է հասարակութիւններ սպաննել՝՝։ Այս եղաւ  Ֆրանչիսկոս Պապին երեքշաբթի, 6 յունիս 2017-ին, Տումուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին նիւթը, որուն մէջ  Սրբազան Հայրը յորդորեց, որ  Յիսուսի օրինակին հետեւելով,  քրիստոնեաներուն լեզուն ըլլայ անկեղծ եւ ճշմարիտ եւ զգուշացուց կեղծաւորին եւ շողոքորթողին փորձութիւններէն։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ կեդրոնացաւ ՝՝կեղծաւոր բառին՝՝ վրայ ըսելով , որ Յիսուս շատ անգամ գործածած  է այդ բառը`  նկարագրելու համար օրէնսգէտները,  որոնք կեղծաւորներ էին,   որովհետեւ  անոնք մինչ  բան մը կը մտածէին, ուրիշ բան մը ցոյց կու տային։

Կեղծաւորները  կը սկսին շողոքորթելով ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշելով օրուան Աւետարանին՝ ուր օրէնսգէտները Յիսուսը կը փորձէին՝ շողոքորթելով, եւ զինք ծուղակի մէջ դնելու համար, Անոր հարց տալով եթէ  արդար է Կայսրին տուրք վճարել։ 

Յիսուս զգուշանալով անոնց  կեղծաւորութիւնէն անոնց կը պատասխանէ ըսելով ՝՝այն ինչ որ Կայսրին է , կայսրին տուէք այն ինչ որ Աստուծոյ է`  Աստուծոյ։

Կեղծաւորութեան այլ յատկանիշն է , ըսաւ Սրբազան Հայրը , խաբկանքի  լեզուն, այն միեւնոյն լեզուն  զոր օձը օգտագործեց Եւային հետ եւ այս առընչութեամբ ընդգծեց  որ կեղծաւորը կը սկսի շողոքորթելով,  եւ պէտք է անոր պատասխանել`  ցոյց տալով իրականութիւնը, գաղափարապաշտութեան պարագային պէտք է ըսել Ճշմարտութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով իր քարոզը յարեց, թէ շողոքորթումը Սատանային լեզուն է,  որ զայն կը մշակէ՝  հասարակութիւնները  կործանելու համար, ապա հրաւիրեց Տիրոջմէ հայցել  շնորհքը` կեղծաւոր չ՝ըլլալու եւ ըսելու ճշմարտութիւնը, իսկ այն պարագային որ կարող չենք ճշմարտութիւնը ըսել, լուռ մնանք եւ զգուշանանք կեղծաւորութենէն։   








All the contents on this site are copyrighted ©.