2017-06-06 12:10:00

Ուղղափառ Խորհրդարանականներու պատուիրակութիւնը այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին


Շաբաթ, 3 յունիս 2017-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց ուղղափառ միջխորհրդարանական պատուիրակութիւն մը: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ,  երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Մեթնի ուղղափառ համայնքի երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր:

Ուղղափառ երեսփոխաններու կազմակերպութիւնը ստեղծուած է շուրջ 25 տարիներ առաջ: Անոր մաս կը կազմեն բոլոր երկիրներու խորհրդարաններու ուղղափառ երեսփոխանները: Կազմակերպութեան կեդրոնատեղին կը գտնուի Աթէնքի մէջ: Ան տարեկան հանդիպումներ կը կազմակերպէ զանազան երկիրներու մէջ. ան ունի նաեւ իր գործադիր վարչութիւնը: Վեհափառ հայրապետին այցելեցին գործադիր վարչութեան մաս կազմող վեց անդամներ` Յունաստանէն, Ռուսիայէն, Պուլկարիայէն, Կիպրոսէն եւ Ռումանիայէն:

Վեհափառ հայրապետը ներկայացուց ներկայ աշխարհը յուզող հարցերը` անդրադառնալով կրօնական ծայրայեղութեանց յառաջացուցած վտանգներուն: Վեհափառ հայրապետը յատկապէս լուսարձակի տակ բերաւ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան դիմագրաւած տագնապները: Ան շեշտեց երէկ եւ այսօր հայ եկեղեցւոյ կարեւոր դերակատարութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ եւ կոչ ուղղեց կազմակերպութեան` երկխօսութիւն ու գործակցութիւն ունենալու իսլամ երեսփոխաններու հետ, միասնաբար դիմագրաւելու ներկայ ժամանակներու խնդիրները:

Ապա, ներկաները անդրադարձան կազմակերպութեան աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ անոր ստանձնած կարեւոր պատասխանատուութեան: Ներկաները նաեւ զանազան հարցերու առնչութեամբ հարցումներ ուղղեցին վեհափառ հայրապետին:

Յայտնենք, որ ութ տարիներ առաջ վեհափառ հայրապետը իբրեւ գլխաւոր դասախօս հրաւիրուած էր յիշեալ կազմակերպութեան տարեկան համագումարին` Աթէնքի մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.