2017-06-05 09:57:00

Նախագահ Սարգսեան ցաւակցական հեռագիր յղած է Բրիտանիոյ Վարչապետին։


Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ցաւակցական հեռագիր մը յղած է Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյին` Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումին առիթով, որ բազմաթիւ անմեղ զոհերու եւ վիրաւորներու պատճառ դարձած է:

«Այս դժուար պահուն իմ զօրակցութիւնս կը յայտնեմ ձեզի, Բրիտանիոյ  բարեկամ ժողովուրդին եւ զոհուածներու հարազատներուն` մաղթելով ուժ եւ ոգիի տոկունութիւն, իսկ վիրաւորներուն` շուտափոյթ ապաքինում:

«Մենք խստօրէն կը դատապարտենք նման ստոր, անմարդկային գործողութիւնները եւ վճռական տրամադրուած ենք` միացեալ ուժերով շարունակելու պայքարը բռնութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ», նշուած է նախագահի ցաւակցական հեռագիրին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.