2017-06-03 16:47:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Յունիս ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան լսատեսողական պատգամը։


 

 

(Ռատիօ Վատիակն) Անհեթեթ հակասութիւն է խօսիլ խաղաղութեան մասին, բանակցիլ խաղաղութեան համար ու միեւնոյն ատեն զարգացնել ու թոյլ տալ զէնքի առեւտուրը։

Պատերազմ մը այստեղ, այլ պատերազմ մը այնտեղ, արդեօք իրապէս հարցեր լուծող պատերազմներ են, թէ անոնք առեւտրային պատերազմներ են­, ապօրէն կերպով  զէնքեր վաճառելու համար­, որպէսզի մահուան վաճառականները աւելիով հարստանան։

Եկէք Լուծենք այս իրավիճակը. Միասին աղօթենք ազգերու պատասխանատուներուն համար  որպէսզի վճռակամութեամբ  յանձնառու ըլլան, վերջ դնելու զէնքերու առեւտուրին որ բազմաթիւ անմեղ զոհեր կը պատճառէ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.