2017-06-03 17:35:00

Լիբանանի ընտրական նոր օրէնքին շուրջ նախնական համաձայնութիւն


ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի նախագահական պալատին մէջ, Յունիս 1ի գիշերը տիրապետող էր աննախընթաց դրական մթնոլորտ մը, որ դրսեւորուեցաւ ընտրական նոր օրէնքին մասին նախնական համաձայնութեան յայտարարութեամբ: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ստորագրեց հրամանագիր մը, որուն լոյսին տակ խորհրդարանը հրաւիրեց արտակարգ նստաշրջանի մը, որ պիտի երկարի Յունիս 7էն 20: Ան արտակարգ նստաշրջանի իրաւասութիւնը սահմանափակեց ընտրական օրէնքի վաւերացումով:

Ապա, նախագահ Աուն դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:

Հանդիպումէն ետք, Աուն արտասանեց իր խօսքը՝ շեշտելով. «Պէտք է առաջնորդուինք լիբանանեան ազգային միասնականութեամբ. անընդունելի է, որ պատերազմի սպառնալիքներ լսենք, այլ պէտք է փրկենք լիբանանեան վարչակարգը»: Ան յայտնեց նաեւ, որ երկրի նոր իշխանութեան հիմնական նպատակը վստահութեան վերահաստատումն է, «իսկ յառաջիկայ քանի մը օրերուն ընթացքին, ընտրական նոր օրէնքի վաւերացումը պիտի ըլլայ վստահութիւնը վերահաստատելու սկիզբը»:

Աւարտին, Պըրրի նշեց, որ մթնոլորտը դրական է, եւ կարելի եղած է համաձայնութիւն գոյացնել Լիբանանը 15 ընտրաշրջաններու բաժնող համամասնական ընտրական օրէնքին շուրջ:

Իր կարգին, Հարիրի ընդգծեց, որ Լիբանանը 15 ընտրաշրջանի բաժնող ընտրական համամասնական այս օրէնքին շուրջ համաձայնած են արդէն, եւ յատուկ յանձնախումբ մը պիտի վերջնականացնէ օրէնքին վերաբերող մանրամասնութիւնները՝ նախքան խորհրդարանի արտակարգ նստաշրջանին աւարտը:








All the contents on this site are copyrighted ©.