2017-06-03 17:27:00

Եւրոպական Միութիւնը ցաւ կը յայտնէ Թրամփին Փարիզեան համաձայնագիրէն դուրս գալուն համար։


Եւրոպական Միութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ ցաւ յայտնեց Կլիմայական փոփոխութիւններուն վերաբերեալ փարիզեան համաձայնագիրէն դուրս գալու առնչութեամբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումին նկատմամբ:

«Եւրոպական Միութիւնը կը ցաւի, որ Թրամփի վարչակազմը միակողմանի որոշում տուած է Միացեալ Նահանգներու` փարիզեան համաձայնագիրէն դուրս գալուն մասին: Եւրոպական Միութիւնը պիտի ամրապնդէ իր գործընկերային յարաբերութիւնները եւ պիտի փնտռէ նոր միութիւններ` աշխարհի հզօրագոյն տնտեսութիւններէն մինչեւ փոքրագոյն կղզի պետութիւններ», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

Թրամփ Սպիտակ տան մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած էր իր երկրին Կլիմայական փոփոխութիւններու վերաբերեալ փարիզեան համաձայնագիրէն դուրս գալու որոշումին մասին: Ան ընդգծած էր, որ Միացեալ Նահանգներ 2025 թուականին 2,7 միլիոն աշխատատեղի կրնան կորսնցնել, եթէ կատարեն 2015-ին կնքուած համաձայնագիրին պայմանները: Թրամփ աւելցուցած էր, որ իր երկիրը մտադիր է կլիմայական փոփոխութիւններու վերաբերեալ նոր համաձայնագիրի մը շուրջ բանակցիլ:

Թրամփի որոշումէն ետք, ամերիկացի միլիառատէր Իլոն Մասք յայտնեց, որ որոշած է հրաժարիլ Սպիտակ տան խորհուրդէն: «Ես դուրս կու գամ նախագահական խորհուրդէն: Կլիմայի փոփոխութիւնները իրականութիւն են: Փարիզեան համաձայնագիրէն հրաժարիլը  ո՛չ Միացեալ Նահանգներուն, ո՛չ ալ աշխարհի շահերուն կը համապատասխանէ», գրած է ան «Թուիթըր»-ի վրայ:








All the contents on this site are copyrighted ©.