2017-06-03 17:55:00

Գողցուած է ''Տոն Պոսքոյի'' մասունքը. Կոչ վերադարձնելու զայն ''առանց նախապայմանի։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 2 յունիսի երեկոյեան Թորինոյի թեմին մաս կազմող Քասթելնուովօ Տոն Պոսքօ շրջանին մէջ գտնուող Սուրբ Պոսքոյին նուիրուած պազիլիքայէն գողցուած են Սուրբին մասունքները։ Լուրը կը հաղորդէ Փիեմոնթէ շրջանի Սալեզեան միաբանութեան մամլոյ գրասենեակը յայտնելով Սալեզեան միաբանութեան ու Տոն Պոսքոյի ջերմեռանդ հաւատացեալներուն վիշտը` պատահածին համար ու յոյս դնելով Սուրբ Պոսքոյին վրայ որպէսզի դպչի արարքը իրագործող անհատի կամ անհատներու սրտերուն եւ անոնք ետ դառնան իրենց քայլերուն վրայէն ու մասունքը վերադարձնեն իր տեղ։

Թորինոյի Արքեպիսկոպոս` գերապայծառ Նոզիլիա իր կարգին կոչ ուղղած է  աղօթելու Սալեզեան միաբանութեան համար ապա հրաւիրած է գողերը  վերադարձնելու մասունքը առանց նախապայմանի։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.