2017-06-02 16:56:00

Վանականութիւն (ԼԶ)


Ստեփանոս Օրբելեան Պատմաբանը իր երկի 50րդ գլուխը նուիրուած է Վայոց Ձորի վանքերուն հիմնարկութեան պատմութեան։

Ստեփանոս Օրբելեան կը պատմէ՝ «Սմբատ թագաւորի որդի, հայոց Աբլ Աբաս Թագաւորի իշխանութեան ժամանակներուն եւ Սիւնեաց Սմբատ իշխանի եւ անոր եղբայրներու եւ որդիներու տիրապետութեան շրջանին, հայոց երեք հարիւրեօթանասունութ թուականին, Սիւնեաց երանելի եպիսկոպոսը Եղեգեաց ձորի մէջ կը հանդիպի տեղ մը՝ Ոստին գիւղէն վեր։ Շատ կը հիանայ անով՝ տեղւոյն յոյժ գեղեցկութեան եւ չափազանց ապահով եւ անվտանգ ըլլալու պատճառով. եւ առաջնորդուելով վերին տնօրինութեամբ՝ շինարարութիւնը կը սկսի Սմբատ իշխանի, անոր կին Սոփիայի եւ եղբայր Սահակի աջակցութեամբ։ Այնտեղ կը կանգնեցնէ եկեղեցի՝ տաշուած վէմերով, կը զարդարէ զանազան երանգներով եւ գեղեցիկ նկարներով։ Տաճարի նաւակատիքին կը հրաւիրէ Սմբատը եւ Սահակը։ Եւ եկեղեցւոյ համար կալուածներ կը սահմանեն ամբողջ լեռնակողմը եւ անկէ ներքեւ, մինչեւ գետի այն կողմը ինկած բազմաթիւ ծաղկանոցներ եւ արտեր։ Կը հաստատեն նաեւ կրօնաւորներու տուն ի փառս Աստուծոյ։

Դարձեալ՝ աստուածազօր Սմբատ իշխանը երեքհարիւր ութսունհինգ թուականին, օր մը, Եղեգիք գիւղաքաղաքին մէջ գտնուող իր արքունիքէն դուրս կու գայ որսի եւ զբօսանքի, կը հանդիպի խոտերով սնուող, աստուածազգեաց ճգնաւորներու՝ թաքնուած բարձրէն դէպի գետը նայող արձանի պէս կանգուն քարաժայռերու ճեղքերուն մէջ, Եղեգեաց ձորի վերեւի այն տեղը, ուր Քարեվանք կը կոչուի։ Եւ զարմանալով անոնց հիւծած ու անշուք տեսքին վրայ՝ հարց ու փորձ կʼընէ անոնց կեանքի մասին, անոնք ալ հեզահամբոյր կերպով կը պատասխանեն «Հալածուեցանք ու փախանք աշխարհէն, գուցէ կարողանայինք փրկուիլ անոր դաժան ալեկոծութենէն ալ։» Այնուհետեւ իշխանը կը դիմէ իր եպիսկոպոս Տէր Յակոբին՝ առաջարկելով ձեռնարկել ու շտապ կերպով եկեղեցի կառուցել յարմար տեղ մը՝ սուրբ ճգնաւորներուն այնտեղ տեղաւորելու համար։ Եւ եպիսկոպոսը կու գայ սուրբ հայրերուն մօտ, կը հարցնէ անոնց կամքը։ Անոնք ալ ցոյց կու տան տափարակ վայր մը, քարաժայռերու տակ, ուղիղ տեղ մը, ուր եւ շինարարութիւնը կը սկսի կոփածոյ քարերով եւ կը կառուցուի գմբեթայարկ եկեղեցի՝ սուրբ Գրիգորի անունով։ Կը բերէ Ահերմոն անունով աւագագոյն ծերունին եւ անոր աշակերտը՝ Ազարիան, միւս կրօնաւորներու հետ, ու կը հաստատուի այնտեղ։ Իշխանը գալով օրհնել կու տայ եկեղեցին։ Իսկ անոր բարեպաշտ տիկինը Սոփիան կʼերթայ եւ եկեղեցւոյ իբր կալուած կու տայ վանքին դիմաց եղող Հաւու գիւղը իր սահմաններով, ինչպէս եւ ուրիշ այգիներ եւ ծաղկանոցներ Եղեգիքի մէջ։ Վանքը կը զարդարէ բազում կահկարասիներով, կը փարթամացնէ ամէն տեսակի անհրաժեշտ բաներով։ Մեծամեծ նզովքներով կը հաստատէ Հաւու գիւղը, որ զանոնք չխլեն վանքին ձեռքէն։ Իրենց յիշատակին համար կը կատարեն սուրբ Գրիգորի տօնը եւ քառասունք պատարագ մը Վարդավառի տօնին։ Տեղն ալ ծերունիի անունով կը կոչեն Ահերմոնի վանք։ Դարձեալ՝ որոշ տարիներ անց երանելի ու բարեպաշտ տիկին Սոփիան ուխտի կʼերթայ Գնդեվանք կոչուած խորաձոր վայրը՝ այնտեղ գտնուող մենակեացներու մօտ։ Այնտեղ վաղ ժամանակներէ արդէն կային սուրբ նահատակներու մեծաթիւ նշխարներ։ Չիմացանք, թէ անոնք ովքեր կամ ուրտեղէն էին։ Այնտեղ բազմաթիւ եւ մեծամեծ բժշկութիւններ կը կատարուէին։ Տիկինը, տեսնելով եւ տեղը շատ հաւնելով, կը մտադրէ եկեղեցի կառուցել եւ անոր մէջ հաստատել կրօնաւորներու դասեր։ Անոր համար ալ նահատակները գիշերը երեւալով կը խնդրեն կատարել այդ մտադրութիւնը։ Ապա տիկինը կանգնելով, շտապ կերպով բերել կու տայ ճարտար քարագործ վարպետներ, կը սկսին շինարարութեան. վանքի առաջնորդ նշանակելով հայր Սարգիսը եւ գործակալ՝ Եղիշէ երէցն ու նկարիչը, եւ այն կը յանձնէ Տէր Յակոբին՝ մեծ հոգատարութեամբ կատարելու եւ աւարտելու։ Մեծամեծ ճգնութեամբ այնտեղ կը փայլէր եւ Գնդունի կոչուած հայր Սուփանը։ Կը կանգնեցէ Աստուծոյ տունը, նկարակերտ յօրինուածքով կը զարդարէ անոր առաստաղն ու պատերը։ Նաւակատիք ընելով մեծահանդէս տօնախմբութեամբ կʼօրհնեն այն եւ կʼանուանեն սուրբ նահատակները անուանակոչութեամբ եւ անոր մէջ կը հաստատեն սպասաւորներու դասեր եւ կրօնաւորներու բազմութիւններ։ Նաեւ ամբողջ ձորի յարմար տեղերը կը լեցնեն մենաստաններով եւ անոնց մէջ կը տեղաւորեն ճգնաւոր եւ խստակրօն մարդիկ, որոնց կողմէ Աստուած աւելի կը փառաբանուէր, քան Սինայի հայրերէն։ Երանելի տիկինը վանքը կʼանուանէ Գդնեվանք, որմէ վերեւ, քարափի գլխուն, կը հիմնէ եւ գիւղը եւ կալուածներ կու տայ վանքին՝ ազատ բոլոր տեսակի հարկերէն. նոյն ձեւով ալ՝ միւս կողմի Ատչար գիւղը մեծամեծ նզովքներով կʼարգելափակէ, որ հետագային այնտեղէն չխլեն։ Այս դէպքը տեղի ունեցաւ հայոց երեքհարիւրութսունհինգ թուականին։ Իսկ ամբողջ ձորը վերէն վար, մինչեւ Գոլոշտ քարը, կը հրամայէ դարձնել քաղցրահամ միրգ տուող ծառերու խիտ տնկարաններ, մեծ բարութեամբ գեղեցիկ այգիներ կը տնկէ, որպէսզի առատօրէն վայելեն սուրբ միաբանները եւ բոլոր կարիքաւորները։ Կը գրէ յիշատակի այսպիսի համառօտ արձանագրութիւն. «Ես՝ Սիւնեաց աստուածապահ տէր Սմբատի կին եւ Գրիգոր Դերենիկի դուստր տիկին Սոփիաս, կառուցի այս եկեղեցին իմ հոգիի յիշատակի եւ իշխանաց իշխան Սմբատի ու մեր որդեակներու արեւշատութեան համար եւ սա զարդարեցի թանկարժէք պարագաներով եւ ասոր կալուածներ տուի երկու գիւղ, որոնք ոչ ոք պիտի համարձակի անջատել կամ խլել այս սուրբ եկեղեցիէն, հակառակ դէպքին՝ անխախտելի նզովքներով անիծուի Աստուծմէ եւ աստուածագումար սուրբերէն։»

 








All the contents on this site are copyrighted ©.