2017-06-02 10:28:00

Ռուսիա ձախողութեան կը մատնէ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն Ռաքքայէն Փալմիր հեռացումը


Ռուսական օդուժը անցնող շաբթուան ընթացքին ձախողութեան մատնած է ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն Ռաքքայէն Փալմիր հեռացումը: Այս մասին, ըստ «Ազդակ»-ի, յայտարարած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

Նախարարութիւնը յայտնած է, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները, հակառակ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու, ամերիկեան, ֆրանսական ու բրիտանական մասնայատուկ ուժերու շրջափակումին` Եփրատ գետը կտրելով դուրս կու գան Ռաքքայէն:

Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը իր կարգին, յղում կատարելով հաւաստի աղբիւրներուն, հաղորդած է, որ Ռաքքայի եւ անոր մերձակայքին դէմ Միջազգային դաշինքի օդային հարուածներուն ընթացքին սպաննուած է ՏԱՀԵՇ-ի առաջնակարգ ղեկավարներէն մէկը: Նշեալ ղեկավարը Պահրէյնի քաղաքացի Թըրքի Պանաալին է, որ սպաննուած է անցնող 48 ժամուան ընթացքին:

Համացանցի ՏԱՀԵՇ-ի համակիր օգտատէրեր գուժած են այսպէս կոչուած Իսլամական պետութեան «խորհրդարանի» ու «հոգեւոր ընդհանուր խորհուրդ»-ի նախկին անդամ եւ ամէնէն ականաւոր հոգեւորականներէն Պանաալիի մահը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.