2017-06-01 09:31:00

Մեսրոպեանի բողբոջներն ու կոկոնները տօնական հանդէսներով փակեցին տարեշրջանը


Ուրբաթ եւ Շաբաթ, 26 եւ 27 Մայիս 2017-ին, յաջորդաբար տեղի ունեցան Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի բողբոջ եւ կոկոն դասարաններու աւարտական հանդէսները:

Վարժարանի շրջափակին մէջ տօնական տրամադրութիւններով կայացած զոյգ հանդէսները յաջողեցան յստակ պատկերացում մը փոխանցել այն ծրագրին մասին, որուն հետեւցան Մեսրոպեան մանկապարտէզի փոքրիկները անցած տարուան ընթացքին:

Հանդէսներու բացումին բողբոջներն ու կոկոնները հնչեցուցին Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեանի քայլերգները, արտասանեցին բացման խօսքեր (հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն), կատարեցին խմբային երգեր՝ դարձեալ երեք լեզուներով եւ խանդավառեցին ներկաները զանազան մշակոյթներ ներկայացնող իրենց պարերով եւ դերասանական մատղաշ ձիրքերով:

Հանդէսներուն խօսք առին Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ եւ մանկապարտէզի պատասխանատու տիկին Գարոլին Թերզեան:

Տնօրէնը գնահատեց մանկապարտէզի պատասխանատուին եւ աշխատակիցներուն լուրջ եւ բծախնդիր աշխատանքը՝ ուղղուած դեռատի հայ մանուկներուն համար կրթութեան լաւագոյն միջավայր ապահովելուն եւ վերահաստատեց վարժարանին յանձնառութիւնը՝ այդ միջավայրի պահպանելուն եւ զարգացնելուն նկատմամբ:

Տիկին Թերզեան իր հերթին գոհունակութիւն արտայայտեց, որ Մեսրոպեանի բողբոջներն ու կոկոնները կ՛ընթանան մտաւոր եւ ֆիզիքական զարգացման առողջ ճանապարհով, եւ ինչպէս սոյն հանդէսները վկայեցին, արդէն կարող են ներկայանալ համարձակ խօսքով ու շարժումով, արթնցնելով ուրախութեան եւ բաւարարութեան զգացումներ: Ան դիտել տուաւ, որ Մեսրոպեանի փոքրիկները արդէն իսկ կատարած են իրենց առաջին քայլերը դաստիարակութեան մը մէջ, որուն նպատակն է զանոնք պատրաստել որպէս ազնիւ եւ քաղաքավար անձեր:

Տեղեկատուական գրասենեակ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի








All the contents on this site are copyrighted ©.