2017-06-01 08:20:00

Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոսը Գերմանիոյ մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոս, այս օրերուն կ՛այցելէ Գերմանիոյ Շթութկարթ քաղաքը, Աւետարանական Եկեղեցւոյ Խորհուրդի նախագահ՝ Հայնրիխ Պետֆորտ-Շթրոմի հրաւէրով, միասնաբար յիշատակելու համար բողոքականութեան 5րդ դարադարձը։

Պատրիարքը հանդիպում ունեցած է Պատըն-Վիւթթըմպէրկ նահանգի պետ՝ Վինֆրիտ Քրեչմանի, Վիւթթըմպերկի աւետարանական համայնքի եպիսկոպոս՝ Ֆրանք Օթֆրիտ Եուլիի, եւ Մակտեպուրկի եպիսկոպոս եւ Գերմանիոյ եպիսկոպոսական ժողովի համամիութենականութեան խորհուրդի պատասխանատու՝ Գերապայծառ Կերհարտ Ֆայկէի հետ։

Երկուշաբթի, 29 Մայիսին, Շթութկարթի Սուրբ Խաչ աւետարանական վարժարանին մէջ, Պատրիարք Բարթողոմէոս շեշտած է Եկեղեցիներու երկխօսութեան կարեւորութեան վրայ, ընդգծելով օրթոտոքսներու եւ գերմանիոյ բողոքականներու միջեւ գոյութիւն ունեցող բարեկամութիւնը։ Պատրիարքը նկատած է, թէ քրիստոնէական հասարակաց վկայութիւնը կ՛ենթադրէ համաշխարհային մակարդակի վրայ կատարուած համագործակցութեան հզօրացում։ Այս կեցուածքէն, եւ յատկապէս հաշտութեան կամքէն կրնան «ծնիլ շատ մը հոգեւոր պտուղներ»։

Գերապայծառ Ֆայկէ նկատած է, թէ հոն ուր երկխօսութիւնը մերժուած է եւ որտեղ արտաքսում կատարուած է՝ այնտեղ համակեցութիւնը, ազատութիւնը եւ խաղաղութիւնը տեւական սպառնալիքի տակ կը գտնուին։ Քրիստոնեաները, ըսած է ան, պատասխանատուութիւնն ունին «զգալի դարձնելու իրենց ձայնը դէմ կանգնելով ծայրայեղականութիւններու եւ ազգայնականութիւններու»։

Երեքշաբթի, 30 մայիսին, Բարթողոմէոս Պատրիարք, Թիւպինկէնի համալսարանի աւետարանական աստուածաբանութեան կաճառի կողմէ ընդունած է պատուոյ դոկտորի տիտղոսը, եւ ապա այցելած է Ռոյթլինկընի յոյն օրթոտոքս ժողովրդապետութիւնը։

Հինգշաբթի օր Պատրիարքը հանդիպում կ՛ունենայ Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան նախագահ՝ Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայէրի հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.