2017-06-01 09:26:00

Այսօր երեխաներու պաշտպանութեան միջազգային օրն է


Այսօր Երեխաներու պաշտպանութեան միջազգային օրն է: Անիկա սահմանուած է 1925-ին` Ժընեւի մէջ երեխաներու պաշտպանութեան համար հրաւիրուած համաշխարհային համաժողովին ընթացքին:

1949 թուականին Կանանց ժողովրդավարական միջազգային դաշինքը երեխաներու պաշտպանութեան օր ունենալու որոշում  ընդունեց: ՄԱԿ-ը, հաւանութիւն տալով այս նախաձեռնութեան, յայտարարեց երեխաներու կեանքի եւ առողջութեան պաշտպանութեան հարցը իր գործունէութեան գերակայ ուղղութիւններէն մէկը: Առաջին անգամ Յունիս 1-ը իբրեւ երեխաներու պաշտպանութեան միջազգային օր նշուած է 1950-ին:

Աշխարհի մէջ ստորագրուած են երեխաներու պաշտպանութիւնը նախատեսող բազմաթիւ միջազգային փաստաթուղթեր, ինչպէս` 1959 թուականի ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ասամպլէայի կողմէն ընդունուած Երեխայի իրաւունքներու հռչակագիրը, 1989-ին ընդունուած Երեխաներու իրաւունքներու մասին համաձայնագիրը:

Հայաստանը Երեխաներու իրաւունքներու մասին համաձայնագիր վաւերացուցած է 1992-ին, իսկ 1996-ին ընդունուած է «Երեխայի իրաւունքներու մասին» ՀՀ օրէնքը:

Շնորհաւոր աշխարհի բոլոր փոքրիկներուն օրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.