2017-05-31 10:36:00

Ֆրանչիսկոս Պապի ընդհանուր ունկնդրութիւնը. ՝՝Սուրբ Հոգին մեզ յոյսով կ՛ողողէ՝՝ ։


(Ռատիօ Վատիկան) Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր, բարի լոյս, Պենտեկոստէի տօնին նախօրեակին չենք կարող չխօսիլ այն կապի մասին որ կայ ընդմէջ քրիստոնէական յոյսին ու Սուրբ Հոգւոյն։ Սուրբ Հոգին քամին է որ մեզ կը մղէ դէպի յառաջ ու մեզ կը զգացնէ որպէս ուխտաւորներ, օտարականներ ու թոյլ չի տար որ դառնանք ՙՙնստակեաց՚՚ ժողովուրդ։ Այս բառերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը սկիզբ տուաւ չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութեան, զոր ներկայացուց Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ հիմնուելով Սուրբ Պօղոսի Հռովմէացիներու ուղղած նամակի հետեւեալ հատուածին վրայ.

՝՝Յոյսի Աստուածը թող լեցնէ ձեզ ուրախութեամբ եւ խաղաղութեամբ, որպէսզի յոյսը յորդի ձեր մէջ Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ։ Ես անձնապէս համոզուած եմ, եղբայրներ, որ դուք լի էք բարութեամբ, ճոխացած էք գիտութեամբ եւ կարող էք փոխադարձաբար զիրար խրատել՝՝։ (Հռոմ 15,13-14)

Հրեաներու յղած նամակին մէջ Սուրբ Պօղոսը յոյսը կ՛որակէ որպէս խարիսխ։ Այս յատկանշական պատկերին կարող ենք աւելցնել առագաստը։ Եթէ խարիսխը նաւուն կու տայ ''ապահովութիւն'' ու զայն հաստատ կը պահէ, առագաստը անոր թոյլ կու տայ որ յառաջ ընթանայ ջուրերուն վրայէն։  Յոյսը արդարեւ առագաստ մըն է, ան կ՛ընկալէ Հոգիին քամին ու զայն կը վերածէ մղիչ ուժի մը որ նաւը կը մղէ դէպի յառաջ­, ըսաւ նորին Սրբութիւնը մէջբերելով   Սուրբ Պօղոսի վերոյիշեալ  խօսքերը, ապա մեկնաբանեց այդ խօսքերը մեկնելով ''Յոյսի Աստուածը'' հատուածէն,  որ կը նշանակէ, ըսաւ Ան, թէ միայն Աստուած է մեր յոյսը, որուն միջոցաւ մենք կը ձգտինք հասնելու յաւերժական կեանքին։ Մարդիկը կարիքը ունին յոյսին, կարենալ ապրելու համար եւ յուսալու համար` կարիքը ունին Սուրբ Հոգիին, յարեց Սրբազան Քահանայապետը, ակնարկելով սուրբ Պօղոսի այլ մէկ խօսքին. ''Սուրբ Հոգին մեզ կ՝ողողէ յոյսով'', որ կը նշանակէ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, չի վհատիլ եւ յուսալ ամէն յոյսէ աւելի, այնպէս ինչպէս պատահեցաւ Աբրահամ մեր նախահայրին, երբ Աստուած անորմէ խնդրեց զոհել իր միածին որդին Ւսահակը, եւ ինչպէս պատահեցաւ Սուրբ Կոյս Մարիամին` Յիսուս Խաչին ոտքին։ 

Սուրբ Հոգին կարելի կը դարձնէ այս անյաղթելի յոյսը­, մեզի տալով ներքին վկայութիւնը թէ`  մենք Աստուծոյ զաւակներ ենք։ Յոյսը արդարեւ յուսահատ չի թողուր, որովհետեւ Աստուծոյ սէրը զեղեց մեր սրտերուն մէջ, մեզի պարգեւած Սուրբ Հոգիին շնորհիւ, որ միակն է որ մեզ կարող կը դարձնէ յուսալու եւ մեր կարգին դառնալու յոյսի սերմանողներ, մխիթարիչներ ու մեր եղբայրներուն պաշտպաններ։

Սուրբ Հոգին յոյսը  կը հրահրէ ոչ միայն մարդոց սրտերուն մէջ այլեւ համայն արարչութեան մէջ։  Ուժականութիւնը, որ կարող է շարժել աշխարհը, անանուն եւ կոյր ուժ մը չէ, ան Աստուծոյ Սուրբ Հոգւոյն ներգործութիւնն է (Ծննդ 1, 2)։

Պենտեկոստէի յառաջիկայ տօնը թող մեզ գտնէ համերաշխ աղօթքի մէջ, Մարիամի, մեր ու Յիսուսի մօր հետ միասին։ Եւ թող որ Սուրբ Հոգւոյն պարգեւը մեզ լիացնէ յոյսով, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը աւարտելով խորհրդածութիւնը, որմէ ետք տարբեր լեզուներով ողջոյնի խօսքեր ուղղեց հրապարակը համախմբուած իտալացի եւ օտարազգի հաւատացեալներուն ապա յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակներուն ըսելով.

ՙՙՍիրելի երիտասարդներ ամէն բանէ վեր զետեղեցէք Աստուծոյ փնտռտուքը  եւ Անոր սէրը. սիրելի հիւանդներ, Մխիթարիչը,  թող ձեզի օգնութիւն եւ սփոփանք ներշնչէ­, ձեր ամենէն դժուար պահերուն մէջ, եւ դուք սիրելի նորապսակներ, Սուրբ Հոգիին շնորհքով, ամէն օր աւելի զօրաւոր եւ հաստատ դարձուցէք ձեր  միութիւնը՝՝։  








All the contents on this site are copyrighted ©.