2017-05-31 08:54:00

Մինսկի խմբակի համանախագահները Երեւան ու Ստեփանակերտ պիտի այցելեն


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները Յունիսի սկիզբը Երեւան ու Ստեփանակերտ պիտի այցելեն, Մայիս 30ին, ԵԱՀԿ ընդհանուր քարտուղար Լամպերթօ Զանյէրի հետ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդվարդ Նալբանդեան:

Նախարարին համաձայն՝ այցը պիտի կայանայ մօտաւորապէս 10 օրէն: Միջնորդները նախ Երեւան պիտի ժամանեն, իսկ ապա մտադիր են մեկնելու Ստեփանակերտ:

Պատասխանելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու եւ նախագահներու մակարդակով հանդիպման հաւանականութեան մասին հարցումին՝ Նալբանդեան նշեց, որ եռանախագահներու այցին ընթացքին եթէ նման առաջարկ ըլլայ, հաւանաբար քննարկուի նախարարներու հանդիպման հարցը՝ յետագային նախագահներու հանդիպում կազմակերպելու համար:

Նալբանդեան նաեւ շեշտեց, որ եռանախագահները Մայիս 18ին առաջին անգամ ըլլալով հաստատեցին, որ Ատրպէյճանն է, որ խախտած է հրադադարը, յիշեցնելով, որ Պաքու միշտ ընդդիմացած է հետաքննութեան համակարգ մը ստեղծելու գաղափարին «այն պատճառով, որպէսզի հնարաւորութիւն չտայ եռանախագահներին, թէ ով է խախտում հրադադարը եւ ով է առաջինը կրակ բացում»:

«Հասունանում է արդէն մի իրավիճակ, որ եռանախագահող երկրները պէտք է ոչ միայն յայտարարութիւններով հանդէս գան, այլ քայլեր ձեռնարկեն, որ սանձեն Ատրպէյճանի ապակառուցողական ու սադրիչ քաղաքականութիւնը», աւելցուց ան։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.