2017-05-31 14:29:00

Մեր պատմութիւնը մեր անձնագիրն է. Մխիթարեան Միաբանութեան 300-Ամեակին նուիրուած ձեռնարկ։


Վանաձորի թիւ 1 հիմնական դպրոցի պատմութեան ուսուցչուհի Նայիրա Առաքէլեան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Մեր մեծերը» ծրագիրի ծիրէն ներս կազմակերպած էր ձեռնարկ` նուիրուած Մխիթարեան միաբանութեան 300-ամեակին: Ձեռնարկին ընթացքին աշակերտներն իրենց խօսքին մէջ կարեւոր համարեցին Մխիթարեաններու դերը հայ մշակոյթի պահպանման գործին մէջ: Շուրջ երեք դար է, որ Իտալիոյ մէջ, Ատրիաթիկ ծովի եզերքին, Վենետիկի հարեւանութեամբ գտնուող Սբ. Ղազար կղզիին մէջ կը գործէ քաղաքակիրթ աշխարհի ուշադրութիւնն ու յարգանքը շահած հայկական  հոգեւոր կեդրոն մը` Մխիթարեան միաբանութիւնը: Հայրենի ժողովուրդի լուսաւորութեան եւ առհասարակ մշակութային զարգացման գործին մատուցած անհուն ծառայութիւններով այն կը ներկայանայ որպէս  ամբողջ ակադեմիա մը, լոյսի  կաճառ մը: Ձեռնարկին նպատակն էր ծանօթացնել մեր մշակութային արժէքներէն մէկուն` Մխիթարեան միաբանութեան ստեղծման, անցած ուղիին եւ կապ ստեղծել այսօրուան հետ: Ուր ալ որ գտնուինք` օտարութեան մէջ, թէ` Հայրենիքի, հայոց պատմութիւն պէտք է իմանայ իւրաքանչիւր հայ. մեր պատմութիւնը մեր անձնագիրն է: Անոր մէջ  անթեղուած է մեր ժողովուրդի դարաւոր կենսափորձը, գոյութեան կերպն ու խորհուրդը:

 Այս յիշարժան եւ ուշագրաւ ձեռնարկը, որուն ներկայ էին դպրոցի տնօրէն Լիլիթ Սարուխանեան, փոխտնօրէններ, ուսուցիչներ, հիւրեր, ծնողներ, աւարտեցաւ ` բոլորի հոգիին մէջ հայրենասիրական կրակը մշտարթուն պահելու տեսլականով:

Քաղուած «Հայերն այսօր»-էն








All the contents on this site are copyrighted ©.