2017-05-31 11:58:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Անլուծելի Հանգոյց Չկա՛յ

Դժուարութիւններու հանդիպելով, մարդիկ ընդհանրապէս կ՛իյնան յուսահատութեան գիրկը: Թերեւս իրենց ունեցած դժուարութիւններուն կէսէն աւելիին պատճառը, մարդիկ իրե՛նք իսկ են: Սակայն, յանցանքը միշտ ուրիշին վրայ բարդելու մարդկային ունակութիւնը, շա՜տ վաղ տարիքէն մարդուն մէջ բոյն դնող սովորութիւններէն մէկն է:

Դժուարութեան համար գործածուած պատկերաւոր բառ մըն է «հանգոյցը» որ կօշիկի կապի գեղեցիկ եւ դիւրաւ քակուելիք պատկերը չի՛ ներկայացներ բնականաբար: Պինդ հանգոյց ըլլալու համար, կապուած պարանը ինչքան բարակ ըլլայ, այնքան աւելի դժուար կ՛ըլլայ զայն լուծելը կամ քակելը: Տեսնուած է, թէ ինչպէս մարդիկ դիւրաւ կը քակեն հաստ թելերով կազմուած հանգոյցները, գործածելով իրենց եղունգները կամ սուր իրեր: Կ՛արժէ դիտել նաեւ, թէ ինչպէս ձկնորսներ ծովափին կանգնած, կը քակեն ու դարձեալ կը կապեն իրենց նաւակները ցամաքին կապող մալուխները:

Փոխաբերական այս պատկերը օգտագործելով, կրնանք ըսել ուրեմն, թէ մարդոց կեանքին մէջ ալ կան դիւրաւ եւ դժուարաւ լուծելի «հանգոյցներ»: Դժուարութիւնը կու գայ նաեւ անկէ, որ նման խնդիրներու միջամուխ եղած կրնան ըլլալ բազմաթիւ մարդիկ, որոնցմէ շատեր մթութեան մէջ գործած կ՛ըլլան, առաջին գիծին վրայ այլ անձեր տեղադրելով իբրեւ դերակատարներ:

Մարդոց կեանքին մէջ երեւցող իւրաքանչիւր սխալի ետին, անպայման պատճառ մը կայ, որուն հետեւանքով զանազան դժուարութիւններ կը յայտնուին: Բոլոր մարդիկ նոյն տոկունութիւնը չունին, որ դիմանան դժուարութեան: Ուստի, ոմանք հազիւ նեղութեան մէջ գտնուին, յուսախաբ կ՛ըլլան եւ մինչեւ իսկ չեն ուզեր ապրիլ այլեւս: Ոմանց ունեցած հարցերը շատ անձնական են եւ խորունկ: Մարդոց այնպէս կը թուի յաճախ, թէ լուծում չունին իրենց խնդիրները: Ոմանք կը դիմեն խորհրդատուներու, կը փորձեն հոգեբաններու գիտութենէն օգտուիլ, գէթ հանգստանալու զիրենք տանջող մտածումներէն: Աւելի տգէտ հասարակութիւնը կ՛երթայ բախելու դուռը անգրագէտ պառաւներու, եւ անոնց խաբէպատիր ու շողոքորթ լեզուին հաւատք ընծայելով կը կատարէ անոնց յիմար թելադրութիւնները: Անոնց տուած ուղղութիւններով, անհասկնալի եւ անիծաբանական գրութիւններ կը տեղադրուին մարդոց տան անկիւնները, կամ կերակուրին կը միախառնուի այս կամ այն համեմը, զայն ուտողին հանգիստը վրդովելու համար: Ինքնախաբէական արարքներ, որոնք ժամավաճառութենէ բացի ոչ մէկ բանի կը ծառայեն:

Գերմանիոյ Շթատը քաղաքի պողոտաներէն մէկուն վրայ եկեղեցիի մը մուտքի դրան վերը գրուած էր. «Չկայ հարց մը, որ անլուծելի ըլլայ Յիսուսին համար»: Ընդհանրապէս իրենց տագնապներուն, մտահոգութիւններուն եւ դժուարութիւններուն պարագային Աստուծոյ դարձող մարդիկը որսալու հրաւէր մը չէր այս, այլ՝ խորունկ ճշմարտութիւն մը, աստուածային ամենակարողութեան մասին մեծ վկայութիւն մը…։

Ամէնէն պարզամիտ մարդուն համար իսկ, գերմարդկային էակէ մը իր կախումնաւորութիւնը, անգիտակից ոյժ կը ներշնչէ: Գերագոյն էակին հովանաւորութիւնը վայելել, կը նշանակէ սովորական մտահոգութիւններէ հեռու ըլլալ, այնպէս ինչպէս երեխան, որ ամբողջութեամբ կը վայելէ իր ծնողքին հոգածութիւնը, առանց մտածելու, թէ ի՞նչ պիտի ուտէ կամ խմէ այդ օր:

Բայց դեռ յոյս մը կայ, որ քակուին մեր կեանքին մէջ յառաջացած հանգոյցները: Մեր կեանքին համար, այդ յոյսը Յիսուս ինքն է միայն: Սովորական մեր կեանքին ընթացքին, երբ յաջողակ ենք ու դժուարութիւններէ հեռու, ինքնավստահութեամբ կը յոխորտանք: Բայց դժուարութիւններու մէջ իյնալէ ե՞տք միայն պիտի դառնանք Յիսուսին, կարծէք մեր կողմէ վարձուած մէկը ըլլար ան, մեր հեռաձայնի զանգին սպասող…։

Աստուծոյ վրայ դրուած մնայուն վստահութիւնն է, որ իսկական հաւատքը կը ծնի, որուն հետեւանքը անկասկած պիտի ըլլայ երկնային հովանաւորութիւնը մարդուն, ամէն վայրկեան ապահովելու համար անոր խաղաղ, անփորձանք ու բարեյաջող կեանքը:

Մեծ հաւատքով ու յոյսով ապրող մարդիկ սովորութիւն դարձուցած են ըսել. «Դժուար բան չկայ կեանքի մէջ, ամէն ինչ իր լուծումը կը գտնէ»: Այս մօտեցումը դրական է, այնքան ատեն որ սեփական ոյժէն աւելի, Աստուծոյ զօրութեան կը վստահի զայն ըսող ենթական: Սակայն, եթէ միայն իր կարողութիւնն ու իմաստութիւնը ունի ան իբրեւ յենարան, մոռնալով աստուածային ամենակարողութիւնը, օր մը անպայման պիտի դիմէ Յիսուսի զօրութեան, որովհետեւ, մարդկային կարողութիւնն ու գիտութիւնը, ոյժն ու զօրութիւնը չափազանց սահմանափակ են:

_ Եկեղեցւոյ պատին վրայի գրութիւնը ՜՜ Չկայ հարց մը, որ անլուծելի ըլլայ Յիսուսին համար՝՝քանի՞ անձ առօրեայ դրութեամբ իր հոգիին խորքէն կ՛արտաբերէ:

Միայն դժուարութիւններուդ մէջ զայն մտաբերելը նոյն արդիւնքը չի՛ տար, ինչ որ շահած պիտի ըլլայիր Յիսուսի հանդէպ յարատեւ հաւատքովդ:

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.