2017-05-31 11:01:00

Ընտանիքներու կաթողիկէ ընկերակցութիւններու դաշնութեան 20-րդ ամեակը


(Ռատիօ Վատիկան) Ընտանիքներու կաթողիկէ ընկերակցութիւններու եւրոպական դաշնութիւնը Հռոմի մէջ կը նշէ իր հիմնադրութեան 20 ամեակը։ Դաշնութիւնը կազմուած է եւրոպական 14 երկիրներէ։ Ան ներկայ է եւ կը գործէ Եւրոխորհուրդի, ոչ պետական միջազգային ընկերակցութիւններու ներքոյ եւ  Եւրոմիութեան  հիմնական  իրաւունքներու հարթակին ներքոյ։

Յիշեալ ընտանիքներու դաշնութիւնը իր հիմնարկութեան 20 ամեակի  նշման ծիրէն ներս,  երեք օրերու տեւողութեամբ, Հռոմի մէջ կազմակերպած է  դասախօսութիւններ եւ հանդիպումներ, որ  իր գագաթնակէտային կը հասին, հինգշաբթի, 1 յունիս 2017-ին,  Ֆրանչիսկոս Սբրազան Քահանայապետին հետ  կայանալիք հանդիպումով։

Դաշնութեան միջազգային  յարաբերութիւններու բաժանմունքի պատասխանատու՝ տիար Նիքոլա Սփերանցա,  խօսելով Ֆրանչիսկոս Պապի հետ հանդիպումի մասին, յայտնեց թէ սոյն հանդիպումը ընտանիքներուն համար  քաջալերանքի մեծ նշան մըն է,  նամանաւանդ այս ժամանակամիջոցի  , ուր յաճախ ընտանիքը՝  քաղաքական գետնին վրայ նկատուած է որպէս ծանրութիւն ։ 

Ան ապա նշեց թէ Ֆրանչիսոս Պապի  մօտ  կ՝երթան իրենց  հետ տանելով ընկերակցութեան մեծ փորձառութիւնը այն է ամենօրեայ կեանքին մէջ վկայութիւն տալ ընտանիքի ուրախութեան մասին։ 

Ընտանիքի դաշնութեան պատասխանատուն ապա ընդգծեց թէ,  Պրիւքսէլի մէջ որոշումներ վճռողները,  ժողովուրդին կողմէ ընտրուած, այսինքն ընտանիքներէ ընտրուած, պետութիւններու ներկայացուցիչներն են։ Ահա թէ ինչու ընտանիքները  պէտք են գիտակցութիւնը ունենան,  թէ իրենք քաղաքականութեան դերակատարներն են,  նախ ընտրական <<ձայնի>> միջոցաւ ապա մաս կազմելով  ընտանիքներու ընկերակցութիւններուն ու անոնց գործունէութեան աւելիով ըմբռնելու համար իրենց դերը յատկապէս այն իմաստով, որ Պրիւքսէլի մէջ առնուած բազմաթիւ որոշումներ կը հային ընտանիքներու կեանքի ու  անոնց ապագային։

Եւրոպական Միութեան հիմնադիր հայրերը արդարեւ Միութիւնը երազած էին որպէս խաղաղութեան միութիւն որ սակայն ժամանակներու հոլովոյթին,  դարձաւ տնտեսական միութիւն որ արգելք կը հանդիսանայ դէպի յառաջ նոր քայլ մը առնելու ու մտածելու Եւրոպան որպէս Ազգերու ընտանիք մը։ Մեր առաջարկը արդարեւ կը կայանայ ընտանիքը ներկայացնել որպէս տիպար Պետութիւններու ներքին յարաբերութիւններու համար ու նաեւ Պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւններու համար, ընտանիքը ըլլալով բոլոր ընկերութիւններուն հիմնական բջիջը։ Եւրոպան դառնալու է ընտանիքներու ընտանիք - այս է մեր նպատակը հաստատեց Դաշնութեան միջազգային  յարաբերութիւններու բաժանմունքի պատասխանատու՝ տիար Նիքոլա Սփերանցան։








All the contents on this site are copyrighted ©.