2017-05-31 08:08:00

2018-ի ընտանիքներու հաւաքին նախապատրաստական ուսումնաժողով Տուպլինի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 2018 տարուայ ընթացքին Տուպլինի մէջ նշուելիք ընտանիքներու միջազգային հաւատին առթիւ, 1- 3 յունիս 2017-ին, Տուպլինի  ''Helix Theatre Dublin City University Campus''ի մէջ տեղի կ՛ունենայ միջազգային  ուսումնաժողով  առ ի պատրաստութիւն վերոնշեալ հաւաքին։

Ուսումնաժողովի ընթացքին ելոյթ կ՛ունենայ ի մէջ այլոց Աշխարհականներու, ընտանիքի ու կեանքի ժողովի կառավարիչ` Կարդինալ Քեւին Ֆարրել։

Ուսումնաժողովին, իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն աւելի քան 50 եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու ներկայացուցիչներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.