2017-05-30 09:34:00

Տեղի ունեցաւ «Իրաքի Հայերը» գիտաժողովին բացումը


Երկուշաբթի, 29 մայիս, 2017-ին,  Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ “Իրաքի Հայերը” գիտաժողովին բացումը, որուն ներկայ էին Լիբանանի Առաջնորդ Տէր Շահէ Փանոսեան, Գերշ. Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Աւագ Արք. Ասատուրեան,  Հայ Կաթողիկէ թեմին Կաթողիկոսական փոխանորդ եւ Առաջնորդ Գէորգ Եպս, Ասատուրեան, ,Հայկազեան Համալսարանի տնօրէն Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան, ներկայացուցիչներ հայ աւանդական կուսակցութիւններու, լիբանահայ մամուլի ներքայացուցիչներ, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ դեսպանութեան անդամներ, Դոկտ. Ամատունի Վիրապեան, տնօրէն Հայաստանի Ազգային Արխիւի, աշխատակիցներ Սբիւռքի նախարարութեան, իրաքահայ եւ արտասահմանցի մասնակիցներ:

Պաշտօնական բացումը կատարեց  Պրն Անդրանիկ Տագէսեան, որ իր  խօսքին մէջ նշեց․ «Այս գիտաժողովը կը միտի ոչ միայն լոսարձակի տակ առնել Իրաքի հազարամեայ հայօճախը այլեւ մեզ հրաւիրել առաւել ուշադրութեամբ մօտենալու, խորհրդածելու, խոկալու եւ մանաւանդ գործելու՝ շրջանի հայութեան անցեալի,  ներկայի եւ գալիքի կենսագործունէութեան եւ դերին մասին”:

Խօսք առաւ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան տնօրէնը Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան,  ապա Իրաքի Հայոց Թեմի առաջնորդը իր շնորհակալական խօսքը ըսաւ Հայկազեան Համալսարանի տնօրէնութեան եւ գիտաժողովի կազմակերպիչներուն։

Գիտաժողովը պիտի շարունակէ իր աշխատանքները ինչեւ Մայիս 31։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.