2017-05-30 09:42:00

Հիւսիսային Քորէա երրորդ անգամ ըլլալով հրթիռի փորձարկում կատարեց


Հիւսիսային Քորէան երէկ առաւօտեան երկու շաբթուան մէջ երրորդ անգամ ըլլալով հրթիռի փորձարկում կատարեց: Նախորդ երկու փորձարկումները կատարուած էին 14 մայիսին եւ 21 մայիսին:

Հրթիռը արձակուած է Հիւսիսային Քորէայի արեւելեան ծովափի Վոնսան քաղաքի շրջանէն: Ճափոնցի եւ ամերիկացի պաշտօնատարներու տուեալներով` հրթիռը իր 6 վայրկեան տեւողութեամբ թռիչքի ընթացքին անցած է 450 քիլոմեթր եւ ինկած Ճափոնական ծովուն մէջ` Ճափոնի Սիմանէի շրջանի Օքի կղզիներէն 300 քիլոմեթր եւ Նիկաթա շրջանի Սատօ կղզիէն 500 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:

Հրթիռի թռիչքին բարձրութիւնը կազմած է 100 քիլոմեթր:

Հրթիռի փորձարկումէն ետք Ճափոնի վարչապետ Սինժօ Ապէ երկրին Անվտանգութեան խորհուրդը հրաւիրած է արտակարգ նիստի եւ խոստացած «Հիւսիսային Քորէան զսպելու համար` Միացեալ Նահանգներու հետ ձեռնարկել շօշափելի քայլերու»: Արտաքին գործոց նախարար Ֆումիօ Քիսիտա իր կարգին յայտնած է, որ Ճափոն արդէն սկսած է Միացեալ Նահանգներու եւ Հարաւային Քորէայի հետ գործակցութիւնը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ:

Հարաւային Քորէայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց հրթիռին փորձարկումը` զայն նկատելով «ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումներու բացայայտ խախտում», եւ խոստացաւ «խիստ միջոցներ»-ու ձեռնարկել Հիւսիսային Քորէայի դէմ:

Հիւսիսային Ամերիկայի օդային տարածքի պաշտպանութեան հրամանատարութիւնը յայտնեց. «Այսօր արշալոյսին Հիւսիսային Քորէայի արձակած հրթիռը ամերիկեան հողամասերուն վտանգ չի ներկայացներ»:

Միացեալ Նահանգներ իրենց կարգին նշեցին, որ Չինաստանի հետ կը քննարկեն Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ նոր որոշումի մը որդեգրումը` աւելցնելով, որ Փիոնկեանկի գլխաւոր դաշնակից Փեքինը կը գիտակցի, թէ բանակցութեան ճամբով Հիւսիսային Քորէայի սպառազինման ծրագիրը դադրեցնելու ժամանակը սահմանափակ է:

Սպիտակ տունը յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ տեղեակ պահուած է հրթիռի փորձարկումէն:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.