2017-05-30 11:33:00

Ալպանիայի եպիսկոպոսներուն հնգամեայ կանոնական այցը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 30 Մայիսի առաւօտեան` Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յատուկ ունկնդրութիւն շնորհեց Ալպանիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամներուն, որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։

Ալպանիան ունի 28.748 քմ քառակուսի տարածք եւ 2 միլիոն 886 հազարէ աւելի բնակչութիւն որուն մեծամասնութիւնը մահմետականներ են (Սիւննի, Շիի եւ Պէքդաշի) ապա կան երկու կարեւոր փոքրամաս համայնքներ, Օրթոտոքս համայնքը որ կը գտնուի երկրին հարաւային շրջանին մէջ եւ Կաթողիկէ համայնքը` որ ընդհանրապէս հաստատուած է երկրին կեդրոնական ու հիւսիսային շրջանին մէջ։ Ըստ 2013-ի տուեալներուն կաթողիկէները կը կազմեն երկրին բնակչութեան 17.8 առ հարիւրը։ 

Ալպանիայի Կաթողիկէ Եկեղեցին կազմուած է  եկեղեցական երկու աւագ թեմերէ ու երեք թեմերէ ապա կայ մէկ առաքելական հոգաբարձութիւն մը։

Ալպանիայի կաթողիկէ եպիսկոպոսական համահաւաք դասը կազմուած է 6 եպիսկոպոսներէ։ Անոնց հետ կ՛աշխատակցին 147 թեմական եւ կրօնաւոր քահանաներ, 2 մնայուն սարկաւագներ, 16 կրօնաւորներ եւ 478 կրօնաւորուհիներ, ինչպէս նաեւ 331 կրօնուսոյցներ։ 
Կաթողիկէ Եկեղեցին կ՛երաշխաւորէ 68 դպրոցներ եւ 5 համալսարաններ։ Կը մատակարարէ նաեւ 8 հիւանդանոցներ, 29 դարմանատուներ, 16 ծերանոց եւ խնամատուներ, 16 որբանոցներ եւ այլ ընտանեկան ու կեանքի պաշտպանութեան նուիրուած կեդրոններ։ Եկեղեցին ունի 124 ժողովրդապետութիւններ եւ 25 հովուական կեդրոններ։ 
Քրիստոնէութիւնը Ալպանիա մուտք գործած է առաջին դարերէն սկսեալ  ամենայն հաւանականութեամբ` Սուրբ Պօղոսի քարոզութեան շնորհիւ։ Դ դարուն բոլոր տարածաշրջանը արդեն քրիստոնէացուած էր։ 10- 13 դարերու ընթացքին Ալպանիան կը դառնայ արշաւներու երկիր եւ 14-րդ դարուն Ալպանիան եւս կը հպատակի Օսմանեան Կայսրութեան ու սկիզբ կ՛առնէ երկրին ապաքրիստոնէացումը ու մահմետականացումը, որ կը դադարի միայն 1910 թուականին։

Թէեւ Ի դարը Ալպանիայի Եկեղեցւոյ համար հանդիսացաւ մեծ հալածանքներու դարաշրջան, 90-ական թուականները յատկանշեցին Ալպանիայի Եկեղեցւոյ վերածնունդը։

7 սեպտեմբեր 1991-ին Սուրբ Աթոռը եւ Ալպանիան կը կնքեն իրեն դիւանագիտական յարաբերութիւններու դաշինքը եւ 1993-ի Ապրիլ 25-ին, երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ Սուրբ Քահանայապետը, հովուական այցելութիւնը կը կատարէ Ալպանիա ու այդ այցելութիւնը առիթ կը հանդիսանայ  վերակազմակերպելու Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նուիրապետութիւնը։ 

Ալպանիան ծննդավայրն է նաեւ Քալքութայի Սրբուհի Մայր Թերեզային­, որուն սրբադասումը տեղի ունեցաւ 2016-ի սեպտեմբերն։

21 Սեպտեմբեր 2014-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հովուական պատմական այցելութիւն կատարեց Ալպանիա, որպէս բնաբան ունենալով ''Աստուծոյ հետ միասին, դէպի ոչ վհատող յոյս''։ Այդ այցելութեան ընթացքին Քահանայապետը առիթը ունեցաւ հանդիպելու  համայնավարութեան շրջանին ընթացքին հալածանքի ենթարկուած ծերունի Էրնեսթ Սիմոնի քահանային, որուն ապա` 19 նոյեմբեր 2016-ին­, շնորհեց Կարդինալական տիտղոսը։

Ալպանիայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ Գերապայծառ Մասսաֆրա, Ռատիովատիկանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, ակնարկելով  հնգամեայ կանոնական այցելութեան հաստատեց թէ` ''այս մէկը շնորհքի շրջան է Ալպանիյաի Եկեղեցիին համար, որուն ընթացքին պատեհ առիթը ունեցանք հանդիպելու Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Հռոմի Քուրիայի զանազան գրասենեակներու պատասխանատուներուն հետ, մեր կապերը ամրապնդելու համար Մայր Եկեղեցւոյ հետ''։

Մատնանշելով ապա Ալպանիայի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Գերապայծառ Մասսաֆրա դիտել տուաւ թէ հակառակ դարերու հոլովոյթին Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ճանչցած հալածանքներուն ու ցաւերուն, Եկեղեցին այսօր կ՛ապրի վերածննդեան շրջան մը­,  յատկանշուած նաեւ միջ-կրօնական երկխօսութեամբ, ողորմածութեան ներգործութիւններու արարքներով ու միսիոներական հոգիով։  








All the contents on this site are copyrighted ©.