2017-05-29 13:55:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 29 Մայիսի թուիթը` ''Աստուած երբեք չի յոգնիր նուիրուելու մարդկութեան''։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 29 Մայիս 2017-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց թուիթ մը` որուն մէջ մատնանշեց Սուրբ Կոյսն Մարիամին ու Անոր մեր մէջ մայրական ներկայութեան, հաստատելով թէ այդ ներկայութիւնը մեզի կը յիշեցնէ թէ Աստուծոյ ողորմութիւնը անհուն է ու թէ Ան երբեք չի յոգնիր մարդոց նուիրուելէ։

''Մարիամի մայրական ներկայութիւնը մեզի կը յիշեցնէ թէ Աստուած երբեք չի յոգնիր իր ողորմութեամբ ինքզինք նուիրելու մարդկութեան'' գրեց Սրբազան Պապը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.