2017-05-29 12:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 29 մայիսի քաորզը


(Ռատիօ Վատիկան)  Երկուշաբթի, 29 մայիս 2017-ին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան  մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց` որոշում  մը առնելէ առաջ հայցելու Սուրբ Հոգւոյն օգնութիւնը, ունկնդրելով Անոր ձայնը։

Պենտեկոստէի տօնին առթիւ որ պիտի նշուի յառաջիկայ կիրակի օր, Եկեղեցին կ՛աղօթէ ու կը հայցէ Սուրբ Հոգիին գալուստը ըսաւ Սրբազան Քահանայապտետը հաստատելով թէ Սուրբ Հոգին կը ներշնչէ սրտերը ապա հրաւիրեց հարց տալ Եթէ մենք կարող ենք ունկնդրել Անոր ձայնը։

Թոյլ տանք խռովուիլ Սուրբ Հոգիէն ոչ թէ զգացողական ճանապարհի հետեւելով, այլ զատորոշելով,  որովհետեւ Սուրբ Հոգին,   զատորոշումի վարդապետն է յարեց Սրբազան Քահանայապետը  ու մատնանշելով սուրբ գրային ընթերցումներուն հրաւիրեց հայցել շնորհք ունկնդրելու խօսքերը զոր Սուրբ Հոգին կը հաղորդէ մեր Եկեղեցւոյ, մեր հասարակութիւններուն ու մեր ընտանիքներուն ու մեզմէ իւրաքանչիւրիս. ''Շնորհքը սորվելու Սուրբ Հոգիին ոճը եւ մտիկ ընելու Անոր'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով քարոզը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.