2017-05-29 09:10:00

Եկեղեցական Գիտելիքներ 7-րդ Շաբաթ Յինանց- Բ. Ծաղկազարդ (28 Մայիսէն- 4 Յունիս 2017)։


Վերջին շաբաթն է Յինանց շրջանին։ Ինչ որ կը յատկացնէ այս շաբաթը նախ եւ առաջ` կոչումն է կիրակիին։

Կիրակի 28 Մայիսը կոչուած է Երկրորդ Ծաղկազարդ. Այս կոչումը հետեւանքն է Աւետարանի հետեւողական ընթերցումին, որով եօթներորդ կիրակին կը կարդացուի Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքի աւետարանը. Այս աւետարանը կը զուգադիպի կիրակի օրուան, այնպէս որ մեր Հայրերը զայն կոչած են Երկրորդ Ծաղկազարդ։ Գլխաւոր առանցքը այս աւետարանին կը կազմէ ՜՜Յիսուսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ՝՝։

Իսկ Յովհաննէսի աւետարանին մէջ` ճիշտ Քրիստոսի մուտքէն ետք, հեծած խոնարհ իշու մը աւանակին վրայ, ինչպէս կը նշէ աւետարանը, կը պատմուի դրուագը այդ մի քանի հեթանոսներուն որոնք եկած էին Երուսաղէմ, Զատկուայ տօնին առիթով, եւ որոնք մօտենալով առաքեալներուն, խնդրեցին Յիսուսը տեսնել։

Ըստ հայկական-ասորական աւանդութեան, անոնք պատգամաւորներն էին Աբգար թագաւորին, որոնք եկած էին Քրիստոսին յանձնելու նամակ մը գրուած իրենց թագաւորի ձեռամբ եւ որուն մէջ` ան կը հրաւիրէր Յիսուսը Եդեսիա, որպէսզի զինք բուժէր ահռելի հիւանդութենէ մը, որ այդ շրջանին Արեւելքի մէջ տարածուած էր, բորոտութենէն։

Գիտենք Քրիստոսի պատասխանը. Ան կը հրաւիրէր այդ պատգամաւորները ներկայ գտնուելու այդ օրերուն Երուսաղէմ, տեսնելու համար իր փառաւորումը, այսինքն իր չարչարանքն ու մահը խաչի վրայ, սակայն նաեւ իր փառապանծ յարութիւնը, երբ ողջ առողջ դուրս պիտի գար գերեզմանէն։ Ահա այս բոլոր խորհուրդն է որ Յիսուս կ՛ուզէր յայտնել այդ բարի հեթանոսներուն, ըսելով հետեւեալ խորհրդաւոր խօսքը. Հասաւ ժամը երբ Մարդու Որդին պիտի փառաւորուի։

Ծիսական գետնի վրայ, կը շարունակուին շաբթուան ընթացքին` ընթերցումները Առաքեալներու Գործերուն, ինչպէս նաեւ Յովհաննէսի աւետարանին, մինչեւ Սուրբ Հոգւոյ գալստեան տօնը, որ տեղի կ՛ունենայ Պենտեկոստէին, ասինքն Զատկէն 50 օր ետք, որ կու գայ այս տարի Յունիս  4 ին։ Այս շրջանին, Սուրբ Աստուած-ի մէջ կ՛ըսուի որ համբարձար փառօք առ Հայր, փոխանակ Որ յարեար ի մեռելոց-ին։ Հայ Եկեղեցին սովոր է յինանց այս մնացած 10 օրերը տօնել Քրիստոսի Համբարձումը, որ ինչպէս ըսինք, Հայոց մօտ Քրիստոսի մեծ տօներէն մին կը կազմէ։

Ուստի գործնականին մէջ` բոլոր 10 օրերը կ՛երգցուին ժամերգութիւններու մէջ Համբարձման շարականներ, ինչպէս նաեւ սուրբ պատարագի ընթացքին` ժամամուտը համբարձման վերաբերեալ է։ Ծիսական այս տարբերութիւնը միւս ծէսերէն մեզ կը դարձնէ իսկապէս Քրիստոսի յարութեան եկրպագուներ, որով յարութիւնը կը շարունակուի համբարձումով եւ մեզ կը հասցնէ մինչեւ Հոգեգալուստ, առանց ուրիշ որեւէ տօնակատարութեան, եթէ ոչ Քրիստոսի յարութիւնն ու համբարձումը։

Այս շրջանը 10 օրերու, նաեւ՝ սպասման շրջանն է Առաքեալներուն։ Անոնք, Յիսուսի համբարձումէն ետք` կը քաշուին Երուսաղէմի վերնատան մէջ եւ մտահոգ ու անձկագին կը սպասեն Քրիստոսի խոստացած Մխիթարիչին, որ է ՜՜Սուրբ Հոգին՝՝։ Յիսուս իրենց որեւէ ժամանակ չէ որոշած, ասոր համար ալ իրենց վախը եւ մղձաւանջը շատ խորունկ է. Հիմա որ իրենց Վարդապետը իրենց միջեւ չէ այլեւս, շուարած վիճակի մէջ են եւ ուրիշ բան չեն կրնար ընել եթէ ոչ` խմբուած աղօթել։ Յիսուսի մայրը Մարիամ նաեւ իրենց մէջ կը գտնուի. Անոր ներկայութիւնը որոշ մխիթարութիւն կը ներշնչէ իրենց։








All the contents on this site are copyrighted ©.