2017-05-29 09:22:00

''Ազգ եւ Կրօնք'' Ռատիովատիկանի Հայկական բաժինը 51 տարեկան (1966 – 2017)։


Իր հիմնարկութենէն ասդին, Վատիկանի Ձայնասփիւռի Հայկական Հաղորդումը հաւատարիմ մնացած է իր գլխաւոր նպատակին. ''Ազգ եւ Կրօնք''։

Վատիկանի ձայնասփիւռի  հայկական բաժինը առաջին անգամ հեռարձակեց իր հայերէն հաղորդումը 29 Մայիս 1966-ին։Այս կարելի եղաւ շնորհիւ Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս  Աղաճանեանի ջանքերուն։ Հայկական Բաժնի առաջին Տնօրէնը եղաւ Գերապայծառ Ներսէս Սեթեան որ այդ շրջանին Հռոմի Լեւոնեան վարժարանի տեսուչն էր։1983ին անոր յաջորդեց Հայր Գէորգ վրդ. Զապարեան եւ 1991-ին տնօրէնութիւնը ստանձնեց Տիար Միքայէլ ճենճի։ Ներկայ տնօրէնն է Տիար Ռօպէր Աթթարեան։

Հաղորդումները սկիզբէն մինչեւ այսօր

Սկզբնական շրջանի հաղորդումները շաբաթական 2 անգամ ու  քառորդ ժամ տեւող  հաղորդումներ էին։ 1968-ին դարձան շաբաթական 3  հաղորդումներ։ 1974-ին՝ եղան 6,   հուսկ`  1975-ին՝  հայերը կարելիութիւն ունեցան ամէն օր իրենց մայրենի լեզուով լսելու հայկական հաղորդումները Վատիկանի Ռատիոյէն։

Այժմ 19 վայրկեան տեւողութեամբ  հայերէն հաղորդումներ կը ձայնասփռուին ամէն օր  երկու անգամ մին՝ յետ միջօրէին, ժամը 17.50-ին (իտալիոյ ժամով) իսկ կրկնումը առաւօտեան ժամը 4.10-անց հիմնականօրէն  Հայաստանի ունկնդիրներուն համար։

 

Յայտագրերը...

Իր հիմնարկութենէն ասդին, Վատիկանի Ձայնասփիւռի Հայկական Հաղորդումը հաւատարիմ մնացած է իր գլխաւոր նպատակին. ''Ազգ եւ Կրօնք''։

Ապրիլ մեր հայութիւնը՝ իր անցեալով եւ ներկայով, եւ գիտակից դառնալ մեր քրիստոնէական հաւատքին։ Քրիստոսի աշխարհատարած Եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն ներկայացնել դրական ճշմարտութիւններ, առանց գրչապայքարի առիթ տալու, հաղորդել Սբ. Պետրոս Առաքելապետի Յաջորդին՝ Հռոմի Սրբազան Քահանայապետին կեանքի գործունէութիւնն ու լուրերը, որ լոյս եւ յոյս կը ներշնչեն մարդկային առօրեայի տուայտանքին մէջ։

Ուղիղ Եթերով Հայածէս Սուրբ Պատարագ։

Ամէն ամսուայ Երրորդ Կիրակին առաւօտեան ժամը 10.30-ին` Վատիկանի ձայնասփիւռէն կը սփռուի` ուղիղ եթերի միջոցաւ` հայածէս Ձայնաւոր Սուրբ պատարագ զոր կը մատուցուի Վատիկանի պարտէզներու մէջ գտնուող Լեւոն ԺԳ.ի անուան Կեդրոնի Մատուռէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.