2017-05-28 09:32:00

Ֆրանչիսկոս Պապ աւարտեց Ճենովա կատարած հովուական միօրեայ այցելութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 27 Մայիս 2017-ի երեկոյեան, Ճենովայի Քեննետի հրապարակին վրայ նախագահած Սուրբ Պատարագի արարողութեամբ, որուն իրենց մասնացկուիւնը բերին աւելի քան 85 հազար հաւատացեալներ, Ֆրանչիսկոս Պապ աւարտեց Ճենովա կատարած հովուական այցելութիւնը, որուն ընթացքին հանդիպումներ ունեցաւ բանուորական ու գործարարական աշխարհին հետ, Թեմական կղերական դասին հետ ու Ճենովայի երիտասարդներուն հետ։

Սրբազան Քահանայապետը ապա այցելեց Ճենովայի Կազլինի մանկաբուժարանը հանդիպելով այնտեղ խնամուած մանուկներուն, անոնց ծնողաց ու մանկաբուժարանի խնամակալական կազմին, հուսկ` երեկոյեան, մատոյց Սուրբ պատարագի արարողութիւնը, ու պատարագի աւարտին Ճենովայի մէկ երգչախումբ մը, Նորին Սրբութեան ի պատիւ երգեցին Ճենովական բարբառով երգ մը, որմէ ետք Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունեց հովուական այցելութիւնը կազմակերպող յանձնախումբը եւ ուղղուեցաւ Ճենովաի օդակայան ուր` օրհնելէ ետք Լորեթոյի Տիրամօր մէկ արձանը, բարձրացաւ օդանաւ ու վերադարձ կատարեց դէպի Հռոմ ուր ժամանեց երեկոյեան 8.35-ին։

Ճենովա կեցութեան ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը քաջալերեց գործարարական աշխարհը յանձնառու ըլլալ ու գործել վասն մարդ անհատի, ու չի շահագործել աշխատաւորները ապա կոչ ուղղեց բոլորին ապահովելու ոչ թէ հասոյթ այլ աշխատանք։ Կղերական դասին հետ հանդիպումի ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը խրախուսեց զանոնք նմանելու Յիսուսին ու ապրելու եւ մտածելու Տիրոջ կենցաղի ու մտածելակերպի հիման վրայ, մինչ երիտասարդներուն հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին թելադրեց  ըլլալ առաքեալներ ու կառչիլ իսկական արժէքներու եւ ոչ թէ աշխարհի վաղանցուկ երջանկութիւններուն։

Կազլինի հիւանդանոցին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց. թէ մանուկներուն ծառայելը` կը նշանակէ ծառայել Յիսուսին, ապա Սուրբ պատարագի զոհին ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ վերյիշեց թէ Քրիստոնեան խոնարհ ե ստեղծագործ առաքեալ մըն է։

Հովուական այցելութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ դարձեալ հրաւէր ուղղեց աշխարհի քրիստոնեայ հաւատացեալներուն, աղօթելու` Ղպտի եղբայրներուն եւ քոյրերուն համար, որոնք իրենց կեաքնը կորսնցուցին` որովհետեւ չուզեցին ուրանալ իրենց հաւատքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.