2017-05-28 08:31:00

Աշխարհի Եկեղեցիներու զօրակցութիւնը Ղպտի հաւատացեալներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) 2016ի Դեկտեմբերէն սկսեալ 75 ղպտիներ սպաննուած են իսլամ ահաբեկիչներու կողմէ։ Ղպտիները կը կազմեն Եգիպտոսի բնակչութեան 10 տոկոսը։ Ծաղկազարդի Կիրակի օրը կատարուած ահաբեկչական արարքին զոհերն են 27 մեռեալներ եւ 78 վիրաւորեալներ իսկ Աղեքսանդրիոյ Սուրբ Մարկոս Տաճարի վրայ կատարուած յարձակումը խլած էր 16 կեանքեր։ Վերջին օրերուն եւս` 26 Մայիսին, Ղպտի հաւատացեալները թիրախ դարձան ահաբեկչութեան

Անցեալ Շաբաթ օր, 27 Մայիսին, Ֆրանչիսկոս Պապի, ղպտիներու Թաուատրոս Բ. Պապի եւ կաթողիկէ ղպտիներու պատրիարքի ցաւակցութեան պատգամներուն եւ աղօթքներուն կը միանան համայն աշխարհի քրիստոնեայ Եկեղեցիներու ցաւի արտայայտութիւնները, որոնք իրենց զօրակցութեան պատրաստակամութիւնը կը յայտնեն եւ կը դատապարտեն ահաբեկչական արարքը որ կատարուած էր եգիպտացի քրիստոնեայ համայնքին դէմ։

Սանթ Էճիտիոյի հասարկութենէն հասած է հետեւեալ պատգամը՝ «պատմական այս դժուարագոյն պահուն, պէտք չէ առանցին թողուլ եգիպտացի ղպտիները, եւ անոնց զգալ տալ բոլոր Եկեղեցիներու եւ հաւատացեալներու եւ բոլոր կրօնքներու զօրակցութիւնը եւ ի գործ դնել ամէն կարելի միջոց՝ կարելի եղածին չափ արագ դուրս գալու բռնութեան այս շրջանակէն»։

ԱՄՆի եպիսկոպոսները կոչ ուղղած են դադրեցնել արիւնահեղութիւնը յիշեցնելով Ֆրանչիսկոս Պապի խօսքը որ արտասանած էր Եգիպտոս կատարած այցելութեան առիթով՝ «հակառակ որ ցաւը անտանելի է», սակայն քրիստոնեաներու միութիւնը կʼաճի եւ կը զօրանայ, եւ թէ «այս միութիւնը խաղաղութեան ճանապարհն է»։

Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Կիւրեղ Պատրիարքը ահաբեկչական յարձակումը որակած է «անմեղներու դէմ կատարուած վատ» արարք, եւ իր ցաւակցութեան պատգամին մէջ մաղթած է որ «եգիպտացիները ոչ մէկ ուժի թոյլատրեն խախտել երկրին խաղաղութիւնը եւ համերաշխութիւնը»։

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար, Պատուելի Օլաւ Ֆայքսէ-Թուայթ նկատած է, այն հանգամանքը թէ այս «յարձակումը կատարուած է խաղաղութեան ուխտագնացութիւն կատարող անձերու դէմ, մեզ կը ցնցէ։ Սա բռնութեան եւս մէկ արարք մըն է եւ ժողովուրդի մը դէմ կատարուած հալածանք։ Մարդկային ընտանիքը, բոլոր հաւատացող եւ բարի կամք ունեցող ժողովուրդները պէտք է միանան եւ ճիգ թափեն ու յանձնառու ըլլան յարգել եւ խնամել իրար, պաշտպանել իրար, եւ խափանեն այսպիսի բռնարարքի մը կրկնութիւնը։»

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը կոչ կʼուղղէ Նախագահ Ապտէլ Ֆաթթահ ալ-Սիսիի, կրօնքներու առաջնորդներուն եւ տարածաշրջանի պետութիւններուն, որ գործեն անմիջապէս եւ քաջաբար՝ պահպանելու համար բոլոր հաւատքներու կրօնական հիմնական իրաւունքները, երաշխաւորելու ապահովութիւնը ի դէմս բռնութիւններու եւ երաշխաւորելու արդարութիւնը՝ բոլոր անհատներու։»

Անկլիքան Եկեղեցւոյ Պետ, Արքեպիսկոպոս Ճասթին Ուելպի «ցաւագին խորտակուած սրտով» կʼաղօթէ «Եգիպտոսի ժողովուրդին եւ ազգին համար, անոր խաղաղութեան եւ այս ահարկու արարքներու միաձայն մերժումին համար։» Ան կը գրէ՝ «Խոր տառապանքի այս պահուն յանձնառու ենք աղօթել անոնց համար, որոնք մահացան, անոնց համար որոնք վիրաւորուեցան եւ անոնց համար որոնք իրենց սիրելիները կորսնցուցին։ Աղօթենք որ բոլորը ապրին Աստուծոյ ներկայութիւնը այս խաւարին պահուն եւ ուժ գտնեն սերտօրէն կապուելու Փրկչին, Յիսուս Քրիստոսի։»

Արքեպիսկոպոս Ուելպի իր մտածումները կʼուղղէ Թաուատրոս Բ. Պապին, որ «ղպտի ուղղափառ եկեղեցին առաջնորդէ իմաստութեամբ, քաջութեամբ, հաստատուն հաւատքով եւ ամուր կերպով։»

Նաեւ հրեայ համայնքը՝ ղպտի համայնքին յայտնած է իր զօրակցութիւնը։ Միջազգային Հրէական Քոնկրէսի նախագահ Ռոնալտ Լաուտըր դատապարտած է ահաբեկչական յարձակումը։ Ան յայտնած է թէ, «ցաւալի է, որ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները կʼապրին վտանգի եւ անապահով վիճակի մէջ, առանց առարկայ ըլլալու միջազգային ուշադրութեան եւ մտահոգութեան՝ որուն արժանի են։ Կը հրաւիրեմ իսլամ ղեկավարները որ խօսին ի պաշտպանութիւն իրենց, եւ ընեն կարելին՝ պաշտպանելու քրիստոնեաները այս ահաբեկչութեան դէմ եւ կանգնեցնեն անջատողական բռնութիւնը։ Բոլոր աշխարհի շուրջ գտնուող իսլամները այսօր կը սկսին սուրբ Ռամատանի շաբաթը, որ աղօթքի եւ ընկերսիրութեան պահն է։ Կը յուսամ, որ այս Ռամատանը ըլլայ խաղաղութեան ամիս մը իսլամներու եւ ոչ իսլամներու համար»։








All the contents on this site are copyrighted ©.