2017-05-28 14:51:00

«Տէրը թող դարձի բերէ ահաբեկիչներուն սրտերը». Ֆրանչիսկոս Պապ՝ Մարեմեան աղօթքի ընթացքին։


(Ռատիօ Վատիկան) «Տէրը թող դարձի բերէ ահաբեկիչներու սրտերը»։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին աղերսը` Կիրակի 28 մայիս 2017-ին, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան Աղօթքի աւարտին, դարձեալ  զօրակցութիւն յայտնելով Եգիպտոսի Ղպտի օրթոտոքս Եկեղեցւոյ, որուն հաւատացեալները ժամանակէ ի վեր թիրախ են հարստահարումի ու իսլամ ծայրայեղականներու ահաբեկչական արարքներուն։ Սրբազան Քահանայապետը վերյիշեց նաեւ Մանչեսթըրի մէջ անցեալ երկուշաբթի օր տեղի ունեցած ահաբեկչական արարքը, հաւատացեալներէն խնդրելով աղօթել նաեւ այդ ահաւոր արարքի զոհերուն համար եւ իր մօտիկութիւնը յայտնելով անոնց ընտանիքներուն։

Նախ քան այս խօսքերը արտասանելը` Ֆրանչիսկոս Պապ, Մարեմեան աղօթքէն առաջ, աւանդութեան համաձայն, խորհրդածութիւն մը ներկայացուց, որուն մէջ անդրադարձաւ Համբարձման տօնին ու Յիսուսին` իր աշակերտներուն թողած պատուէրին` աւետարանելու աշխարհը։ «Առաքելութիւն մը որ պիտի տեւէ մինչեւ աշխարհիս կատարածը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը վստահեցնելով Յիսուսի ներկայութիւնը` յատկապէս հալածանքներու ընթացքին։

«Համբարձումը մեզի կը յիշեցնէ թէ Եկեղեցին գոյութիւն ունի հռչակելու համար աւետարանը։ Միայն ասոր համար» ըսաւ Սրբազան Պապը եւ  աւելցուց` «Եկեղեցին մենք ենք, մենք բոլոր մկրտեալներս­, ու կանչուած ենք աւելի լաւ հասկնալու պարտականութիւնն ու պատասխանատուութիւնը­, զոր Աստուած շնորհեց մեզի­, թէեւ` դիտել տուաւ Սրբազան քահանայապետը­, այդ առաքելութիւնը մեզմէ կախեալ չէ, այլ կարելի է միայն Սուրբ Հոգիի լոյսին շնորհիւ, որով մենք կարող ենք ուրիշներուն ճանչցնել Յիսուսի սէրն ու քնքշութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.