2017-05-27 09:06:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը միօրեայ այցելութեամբ ժամանեց Ճենովա։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 27 Մայիսի առաւօտեան կանուխ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը` Հռոմի Չամփինօ օդակայանէն մեկնեցաւ դէպի Ճենովա, ուր ժամանեց 1 ժամ տեւողութեամբ թռիչքէ ետք, հովուական այցելութիւն կատարելու Ճենովայի աւագ թեմին։

Նախ քան Ճենովա մեկնիլը Նորին Սրբութիւնը պատգամ մը յղած էր Ճենովացիներուն որուն մէջ յայտնած էր թէ Ան Ճենովա կու գայ որպէս յոյսի եւ խաղաղութեան ուխտաւոր։

Քահանայապետը ապա ընդգծելով Ճենովա քաղաքի վեհանձնութիւնը` յիշեց թէ ինչպէս 1929-ի Փետրուար մէկին, իր մեծ հայրն ու մեծ մայրը, ինչպէս նաեւ իր հայրը, Ճենովայէն մեկնեցան գաղթելով դէպի Արժանթին։

Ես կը վերադառնամ այն վայրը որտեղէն անոնք մեկնեցան որպէս գաղթականներու զաւակ, ու շնորհակալ եմ ձեր հիւրընկալութեան համար։ Գիտեմ թէ հարցերը չեն պակսիր։ Գիտեմ թէ որքան ծանր է անգործութեան հարցը, յատկապէս ան որ կը հարուածէ երիտասարդները ու բազմաթիւ ընտանիքներու կեանքը կը պայմանաւորէ։ Սակայն գիտեմ նաեւ թէ Ճենովացիները ոչ միայն ծովային քաղաքի մը բնակիչներն են, այլ գիտեն նաեւ ''ցանցեր'' կառուցել եւ ըլլալ զօրակից։








All the contents on this site are copyrighted ©.