2017-05-27 19:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապի քարոզը, Ճենովա քաղաքին մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին:


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 24 մայիսին, Ճենովա կատարած առաքելական այցելութեան ծիրէն ներս, ՝՝Քենետի՝՝ հրապարակին վրայ Ֆրանչիսկոս Պապ նախագահեց Սուրբ Պատարագին արարողութեան, որուն ընթացքին արտասանած քարոզին նիւթը եղաւ օրուան  սուրբ գրային ընթերցումներէն քաղուած,  յարուցեալ Յիսուսի,  երկինք համբարձումէն առաջ առաքեալներուն ըսած խօսքը՝ «Ամէն իշխանութիւն տրուեցաւ ինծի երկնքի եւ երկրի վրայ» (մատթ 28,18)։

Արդարեւ Ֆրանչիսկոս Պապ խօսեցաւ Յիսուսի իշխանութեան մասին ըսելով, թէ «Յիսուս ինք կը հաստատէ թէ իր իշխանութիւնը կը տարածուի ըլլա´յ երկինքի մէջ ըլլա´յ երկրի վրայ։

Այսօր կը տօնենք այս խորհուրդը,  որովհետեւ Յիսուս երբ համբարձաւ Հօր մօտ, մեր մարդկային մարմինը անցաւ երկինք, մեր մարդկայնութիւնը հոն է, Աստուծոյ մօտ՝ յաւիտեան։»  

Սրբազան Հայրը ապա նշեց «հո´ն է մեր վստահութիւնը, որովհետեւ Աստուած երբեք պիտի չանջատուի մարդէն։  Մեզի սփոփանք  կը ներշնչէ գիտնալով, որ  Յիսուսի հետ, Աստուծոյ մէջ իւրաքանչիւրիս համար տեղ պատրաստուած է։ Յարուցեալ զաւակներու այս ճակատագիրն է, որ կը սպասէ մեզի։ Ասոր համար իսկապէս կʼարժէ որ հոս երկրի վրայ ապրինք ձգտելով երկնքի իրողութիւններուն, ուր մեր Տէրը կը գտնուի։ Ահա թէ ի´նչ կատարեց Յիսուս  մեզի համար, երկինքը եւ երկիրը կապելու իշխանութեան շնորհումով։»

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յարեց թէ  Յիսուսի իշխանութիւնը վերջ չի գտաւ երկինք ելլելով, այլ կը շարունակէ այսօր եւ պիտի տեւէ մինչեւ յաւիտեան։ Յիսուս իր Հօր քով ելլելէ առաջ ըսաւ  «ձեզի հետ եմ ամէն օր՝ մինչեւ աշխարհի կատարածը»։  Յիսուսի այս խօսքը, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, պարզապէս վստահութեան խօսք չէ, այյ  Յիսուս իսկապէս մեր հետ ու մեր մէջ է։ Երկինքի մէջ Ան իր Հօր միշտ ցոյց կու տայ  Ւր մարդկայնութիւնը ու մեր մարդկայնութիւնը եւ այսպէս միշտ կենդանի է մեզի ի նպաստ բարեխօսելու համար։  Ահա այս է Յիսուսի իշխանութեան կարեւորագոյն գաղափարը՝ «Բարեխօսութիւն»։Յիսուս Ւր Հօր մօտ կը բարեխօսէ մեզի համար՝ ամէն օր, ամէն ժամ։

Ամէն աղօթքի մէջ, ամէն ներումի խնդրանքի մէջ յատկապէս ամէն Պատարագի մէջ Յիսուս կը միջամտէ։ Ան իր Հօր ցոյց կու տայ իր կեանքի նուիրումի նշանները, իր վէրքերը, եւ կը բարեխօսէ՝ մեզի համար ողորմութիւն ընկալելով։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ապա նշեց, թէ Յիսուս սոյն բարեխօսութեան կարողութիւնը շնորհեց մեզի, եկեղեցւոյ, որ ունի  իշխանութիւնն ու պարտականութիւնը բարեխօսելու եւ աղօթելու բոլորին համար։ Նորին Սրբութիւնը ապա շեշտը դրաւ աղօթքին վրայ, ըսելով որ աշխարհը եւ բոլորս կարիքն ունինք աղօթքի։

Ան յորդորեց որ մեր խարիսխը հաստատենք Աստուծոյ վրայ եւ Անոր յանձնենք մեր կեանքի բեռներն ու դժուարութիւնները, որպէսզի չընկղմինք աշխարհի մտահոգութիւններուն մէջ։

«Այս է աղօթքի ուժը, որ երկինքն ու երկիրը  իրար կը  կապէ եւ Աստուծոյ թոյլ կու տայ մուտք գործելու մեր կենաքի ժամանակէն ներս։»

Քրիստոնէական աղօթքը պարզապէս քիչ մը խաղաղօրէն համենալ եւ կամ ներքին ներդաշնակութիւն մը գտնել չէ։ Մենք կʼաղօթենք՝ որպէսզի ամէն ինչ Աստուծոյ յանձնենք, Անոր վստահինք աշխարհը։ Աղօթքը բարեխօսութիւն է. ան հանգստութիւն չէ, այլ սէր։ Պէտք է խնդրել, փնտռել եւ բախել դուռը (հմմտ Մտթ Է. 7)։

Պէտք է բարեխօսենք՝ առանց յոգնելու. սա մեր առաջին պատասխանատուութիւնն է, որովհետեւ աղօթքը այն ոյժն է որ յառաջ կը տանի աշխարհը։ Աղօթքը մեր առաքելութիւնն է, առաքելութիւն մը՝ որ յոգնեցուցիչ է եւ խաղաղութիւն կը պարգեւէ։ Աղօթքի ոյժը ուժգնապէս պոռալու մէջ չէ, այլ հրահանգել աղօթքի հեզ զօրութիւնը, որուն միջոցաւ կարելի է վերջ դնել պատերազմներու եւ ձեռք բերել խաղաղութիւնը։ Այնպէս ինչպէս Յիսուս տեւապէս կը բարեխօսէ մեզի համար Հօր Աստուծոյ, այնպէս ալ մենք, Անոր աշակերտները երբեք չյոգնինք աղօթելէ՝ որպէսզի աշխարհը մօտեցնենք երկնքի։

Այսօրուան Աւետարանի այլ մէկ պատգամն է՝ «հռչակումը»։ Տէրը իրենները կʼուղարկէ որպէսզի զինք աւետարանեն լոկ Սուրբ Հոգիի զօրութեամբ - «Գացէք այսուհետեւ եւ աշակերտեցէք բոլոր ժողովուրդները» (Մտթ ԻԸ. 19)։ Սա ծայրայեղ վստահութեան նշան մըն է, որ Յիսուս կու տայ իրեններուն. Ան կը վստահի մեզի, կը հաւատայ մեզի աւելի՝ քան մենք մեր անձին կը հաւատանք։ Յիսուս մեզ կʼառաքէ՝ հակառակ մեր պակասութիւններուն։ Ան գիտէ, թէ մենք երբեք կատարեալ պիտի չըլլանք։

Յիսուսի համար կարեւոր է, որ անմիջապէս գերազանցենք մեր փակուածութիւնը։ Աւետարանը չէ կարելի դնել փականքի տակ, որովհետեւ Աստուծոյ սէրը աշխոյժ է եւ կʼուզէ հասնիլ բոլորին։ Հետեւաբար, աւետարանելու համար, պէտք է դուրս գալ անձի փակուածութենէն։ Երբ Տիրոջ հետ ենք, չենք կրնար հանդարտ ու հանգստաւէտ մնալ՝ փակուած անհատական աշխարհի մէջ, անցեալի հայրենաբաղձ յիշատակներու մէջ։ Երբ Յիսուսի հետ ենք, արգիլուած է հանգստանալ ձեռք բերուած ապահովութիւններու մէջ։ Յիսուսի ապահովութիւնը՝ վստահութեամբ յառաջ ընթանալու մէջ է։ Այսօր ալ Յիսուս մեզի կʼըսէ՝ «Գացէք»։ Ան, Մկրտութեան խորհուրդով մեզմե իւրաքանչիւրին յանձնած է աւետարանելու կարողութիւնը։ Հետեւաբար Տիրոջ հետ միասին դէպի աշխարհ ընթանալ՝ մաս կը կազմէ քրիստոնէական ինքնութեան։

Այնպէս ինչպէս նախկին աշակերտներուն պարագային, այնպէս ալ մեր աւետարանումի վայրերն են աշխարհի ճանապարհները – մասնաւորապէս հոն, ուր Տէրը կʼակնկալէ ճանչցուիլ։ Ինչպէս նախնական ժամանակներուն, Ան կը բաղձայ, որ աւետարանումը կատարուի Իր զօրութեամբ, ոչ աշխարհի զօրութեամբ, այլ ուրախ վկայութեան պարզ եւ հեզ զօրութեամբ։ Խնդրենք Տիրոջմէ չամրանալ ոչ կենդրոնական հարցերու վրայ, այլ ամբողջութեամբ նուիրուիլ առաքելութեան ստիպողականութեան։ Գործնական աշխատանք տանինք հասարակաց բարիքին եւ խաղաղութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.