2017-05-27 16:47:00

Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Ճենովայի ''Ճաննինա Կազլինի'' մանկաբուժարանը։


(Ռատիօ Վատիկան)  Ճենովայի ''Պահապան Տիրամօր''  սրբավայրին մէջ, Երիտասարդներու հետ ունեցած հանդիպումի աւարտին,  ֆրանչիսկոս Պապ  ողջունեց եւ իր առաքելական օրհնութիւնը  շնորհեց,  Ճենովա քաղաքի բանտէն, հեռատեսիլի միջոցաւ ուղղակիօրէն իրեն հետեւող  բոլոր բանտարկեալներուն,  որմէ ետք, սրբավայրի սեղանատան մէջ  կէսօրուան ճաշը կիսեց,  կարգ  մը բանտարկեալներու, անօճախներու, աղքատներու եւ  գաղթականներու հետ։

Յետմիջօրէին ժամը 3.15 շուրջ,  Ֆրանչիսկսո Պապ   այցելեց ՝՝Ճաննինա Կազլինի՝՝ անուան մանկաբուժարանը, ուր հանդիպում ունեցաւ մանկաբուժարանի մէջ գտնուող մանուկ հիւանդներուն եւ  անձնակազմի անդամներուն հետ անոնց ուղղելով  ողջոյնի խօսք մը որուն մէջ Սրբազան Հայրը  յայտնեց թէ   ''անկարելի էր չայցելել Ճենովայի մանուկներու հիւանդանոցը'' , որովհետեւ  մանուկներու ցաւը` ամենադժուար ընդունելի ցաւն է ու ասոր համար  Տէրը կը  կանչէ,  թէպէտ կարճ ժամանակուայ համար, մօտիկ գտնուելու այս մանուկներուն ու պատանիներուն եւ անոնց հարազատներուն'' ըսաւ    Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ողջունեց մանկաբուժարանին անձնակազմի անդամները իր գնահատանքի խօսքը ուղղելով  Հիւանդանոցի պատասխանատուներուն՝ սկսեալ հիմնարկի նախագահէն ու Քափուչինօ փոքրիկ եղբայրներու միաբանութեան անդամներէն` որոնք խնամք կը տանին մանուկներուն։

Սրբազան Հայրը  հուսկ ՝ քաջալերեց հիւանդանոցի անձնակազմը շարունակելու ըլլալ ''վեհանձնութեան եւ զօրակցութեան խորհրդանիշ'', յայտնելով  թէ Հիւանդանոցի հիմնադիրի կամքը եղած է որ հաստատութիւնը, որպէս հիմք եւ ուղեգիծ  ունենայ  կաթողիկէ հաւատքը...որպէսզի ան ծաղկեցնէ ամէն աշխատանք եւ կը սփոփէ ամէն ցաւ''։  

Հաւատքը կը գործէ եղբայրսիրութեան միջոցաւ, առանց որուն ան կը մեռնի յարեց Նորին Սրբութիւնը քաջալերելով ներկաները աշխատելու այդ ուղղութեամբ, բարի սամարացիի օրինակով։ Այն որ սիրով կը ծառայէ հիւանդներուն կը ծառայէ Յիսուսին,  որ կը բանայ Աստուծոյ Արքայութեան դռները ըսաւ  Քահանայապետը ու խօսքը աւարտեց բոլորին ապահեցնելով  իր աղօթքը ու  հայցելով աստուածային օրհնութիւնը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.