2017-05-27 08:58:00

''Հրանդ Տինքի'' անուան Լրագրողական 10-րդ մրցանակաբաշխութիւն Հռոմի մէջ։


Մայիսի 25-ին, Հռոմի Վալիչելիանա գրադարանին մէջ, տեղի ունեցաւ  տեղեկատուութեան ազատութեան համար շնորհուող «Հրանտ Տինքի» անուան լրագրողական 10-րդ մրցանակաբաշխութիւնը:

Միջոցառումը կազմակերպուած էր Հռոմի հայ համայնքի խորհրդի կողմէ՝ «Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութեան համագործակցութեամբ եւ հովանաւորութեամբ` Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան։ 

Այս տարի մրցանակին արժանացաւ իտալուհի լրագրող Մարթա Օթթավիանին, որ Իտալիոյ մէջ համարուած է Թուրքիայի լաւագոյն փորձագէտներէն մին։  

Յայտնէք թէ այս տարի նշուեցաւ նաեւ Հրանտ Տինքի սպանութեան տասներորդ տարելիցը եւ թէ այդ սպանութեան պատասխանատուները մինչեւ օրս տակաւին յայտնի չեն: 

Վերոնշեալ ձեռնարկի ընթացքի ելոյթի խօսքով հանդէս եկան Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Տիկ Վիկտորիա Բաղդասարեանը, Վալիչելիանա գրադարանի տնօրէն` Փաոլա Փայեզանոն, Հռոմի հայ համայնքի խորհրդի անդամներ Ռոպէր  Աթթարեան և Նուարթ Գրիգորեանը:
«Ռատիօ Վատիկանի»-ի լրագրող Մոնիա Փարենդէ` ընթերցեց Հրանդ Տինքի վերջին յօդուածը, մինչդեռ փաստաբան Ֆուլվիօ Սարզանան խօսեցաւ ժամանակակից աշխարհի լրագրողական մասնագիտութեան հայող` իրաւաբանական հարցերու մասին: 2007թ. «Հրանտ Տինք» լրագրողական մրցանակի առաջին մրցանակակիր` Մարքօ Թոզաթթին ելոյթ ունեցաւ մարտահրաւէրներու մասին, որոնց լրագրողները կը հանդիպին առօրեայի մէջ ու շեշտը դրաւ այն եռանդի մասին, որ անհրաժեշտ է լրագրողական դժուար և շատ անգամ անգնահատուած աշխատանքը իրականացնելու համար:

Հռոմի Հայ Համայնքի խորհուրդի անդամ Էմանուելէ Ալիպրանտին իր հերթին նշեց դրդապատճառները, որոնք մրցանակը կազմակերպող յանձնախումբը մղած են` մրցանակը շնորհելու Մարթա Օթթավիանիին: 
Երեկոյթի աւարտին ՀՀ դեսպան Վիկտորիա Բաղդասարյանը մրցանակը յանձնեց Մարթա Օթթավիանիին, որ իր կարգին, նկատելի յուզմունքով, նշեց թէ ինք մօտէն ճանչցած էր Հրանտ Տինքը  բարձր արժեւորելով անոր անձնաւորութեան ու լրագրողի ուժեղ յատկութիւնները, ապա հաստատեց թէ իրեն շնորհուած սոյն մրցանակը` քաջալերանք մըն է աւելի մեծ յանձնառումով գործելու ու իր լրագրողի պարտականութիւնը կատարելու ի սպաս ճշմարտութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.