2017-05-27 11:58:00

Կղերական Դասին հետ հանդիպման ընթացքին Սրբազան Պապը հրաւիրեց աղօթել Ղպտիներուն համար։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Կը հրաւիրեմ միասին աղօթել լռելեան, մեր քրիստոնեայ Ղպտի եղբայրներուն համար'' այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տուաւ Ճենովայի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ կղերական դասին ու այլ յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած հանդիպումին։ Ան ապա հրաւիրեց ներկաները աղօթելու ''Ողջոյն քեզ Մարիամ'' աղօթքը ու նշեց թէ ''Քրիստոնեայ ժամանակակից նահատակները շատ աւելի բազմաթիւ են` քան առաջին եկեղեցւոյ մարտիրոսները''։

Նորին Սրբութիւնը առ այդ պատասխանեց իրեն ուղղուած մի քանի հարցումներուն հրաւիրելով հետեւիլ  Յիսուսի ''վարուելակերպին''։

Յիսուս միշտ կը շրջէր, կը գտնուէր ամբոխի մէջ, ճանապարհներու վրայ, մօտիկ մարդոց ու անոնց հարցերուն, ու երբ կ՛առանձնանար. այդ կ՛ընէր աղօթելու համար։

Հարկաւոր է նայիլ Յիսուսի այս վարուելակերպին ու խորհրդածել այժմէականութեան վրայ որ յատկանշուած է ''արագութեամբ'' որ հովուական խնամակալութեան չի վայելեր։

Յիսուս միշտ ուղեւորութեան մէջ էր ու բոլոր անոնք որոնք ճանապարհորդութեան մէջ են  կարող են վտանգի հանդիպիլ ըսաւ Քահանայապետը ու հրաւիրեց չի վախնալ` ժամանակը վատնելէ ուրիշներուն համար։ ''Այլապէս վախնալու ենք անշարժ ու հանգստաւէտ կեանքէն, որովհետեւ այդ կը նշանակէ նաեւ թէ մեր աղօթքն ալ կը դառնայ անշարժ ու անխօս'' յարեց Նորին Սրբութիւնը հաստատելով թէ  ''Յիսուս միշտ բաց էր Աստուծոյ անակնկալներուն ու քահանան որ ունի միայն կազմաւորուած կեանք մը ընդհանրապէս գոց է այդ անակնկալներուն։

Աւետարաններու մէջ կը պատմուի Յիսուսի երկու հիմնական հանդիպումներու մասին, ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը. հանդիպում հօր հետ ու հանդիպում եղբայրներու հետ։ Քահանային կեանքը եւս հիմնուելու է այդ երկու հանդիպումներուն վրայ, աղօթքը` որ է հանդիպում Տիրոջ հետ ապա առաքելութիւնը որ է հանդիպում եղբայրներու հետ։

Աղօթքը սակայն ըլլալու է սրտաբուխ եւ ոչ  թէ ''թութակի'' նման։ Նոյնպէս ալ եղբայրներու հետ  հանդիպումը ըլլալու է իսկական։ Շատ անգամ երբ մարդիկ մեզի կը դիմեն, փոխանակ անոնց հարցերը քննարկելու` կը պատասխանենք թէ այժմ ժամանակ չունինք­, որովհետեւ այլ բաներով զբաղած ենք - ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով թէ ''Յիսուսի մօտեցումը սակայն այդպէս չէր'' ապա հրաւիրեց չի պաշտպանել անձնական հանգստութիւնը, այլ ժամանակ տրամադրել հաւատացեալներուն։

Ֆրանչիսկոս  Պապ զգուշացուց կղերական դասը ցուցամոլութեան ու ինքնագովասանքի փորձութենէն։ Այդ մէկը,  ըսաւ Ան, պահանջ է լիացնելու  սրտի դատարկութիւնը, մինչ այն որ կ՛ապրի հանդիպումի առաքելութեամբ, չունի այդպիսի վարուելակերպ, որովհետեւ անոր սիրտը լի է գոհունակութեամբ։

Յիսուս արդարեւ գիտակից էր թէ իր կեանքը ուրիշներուն համար էր, իր Հօր եւ իր շուրջիններուն համար։ Ասոր համար ան միշտ ապրեցաւ նուիրումով ու առաքելութեամբ - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ապա նշեց թէ ''Յիսուս երբեք չի կաշկանդուեցաւ կառոյցներուն, այլ յարաբերութիւններուն''։

Ֆրանչիսկոս Պապը  խօսքը կեդրոնացուց ապա ''եղբայրութեան'' վրայ, յատկապէս կղերական շրջանակներէն ներս, շեշտը դնելով ''եղբայրական կեանքի'' կարեւորութեան ու ''իրար յարգանքի'' վրայ, քննադատելով անոնք որոնք կը ձգտին իշխանութեան ու շահի ու կը մոռնան իրենց ''եղբայրը'' կամ չեն հետաքրքրուիր անոր կեանքով։  

Եղբայրութիւն կը նշանակէ իրարու մտիկ ընել, աղօթել միասին, ճաշը բաժնեկցիլ, ինչու չէ, նաեւ զուարճանալ ու խաղալ միասին։ Այս բոլորը բարիք մըն են, մարդկային զգացում մըն է որ հակառակ է եսասիրութեան - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը  հրաւիրելով ի միտ ունենալ թէ միայն Յիսուս Տէր է ու թէ մենք անոր աշակերտներն ենք''.  որպէս աշակերտներ կարող ենք նաեւ վիճաբանիլ սակայն այդ վիճաբանութիւնը պէտք չէ արգելք հանդիսանայ եղբայրութեան, վէճը ազատութիւն է, եթէ այդ մէկը  կատարուի անկեղծութեամբ եւ առանց չարախօսութեան։

Նորին Սրբութիւն հուսկ խօսեցաւ  ''թեմական կենցաղի'' մասին յատկապէս նուիրեալ անձերու մասին, հաստատելով թէ նուիրեալ անձինքը ու անոնց  խարիզմները նուէր մըն են Եկեղեցւոյ ու թէ այդ խարիզմները կը ծնին շօշափելի փորձառութենէ մը  որ յաճախ զօդուած է վայրի մը, ինչէս է պարագան Ֆրանչիսկեան միաբանութեան` որ կապուած է Ասսիզի քաղաքին։

Իր սրտաբուխ խօսքին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը, ակնարկեց նաեւ քահանայական կոչումներու պակասին, այդ մէկը վերագրելով  որդեծնութեան պակասին, ապա խօսեցաւ քահանայական թեկնածուներու պատշաճ կազմաւորման մասին­, ինչպէս նաեւ աշխարհականացումի վտանգի մասին, ու հրաւիրեց միսիոներական դարձի` բարի օրինակ հանդիսանալու համար երիտասարդներուն ու ոգեւորելու զանոնք ընդգրկելու Քահանայական կեանքը, յատկապէս վկայութիւն տալով անոնց ոչ թէ խօսքով այլ գործով, ապրելակերպով ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։








All the contents on this site are copyrighted ©.